
ԿԼԵՆՈՒՈՒՏ ՍՓՐԻՆԿԶ, Քոլորատօ.- «Կլենուուտ Սփրինկզ Փոսթ Ինտիփենտընթ» թերթը անդրադարձած է Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած Յարութիւն (Արիէլ) Աճեմեանի կեանքին, անոր մասին տեղեկութիւններ քաղելով դստեր՝ Աննիկ Աճեմեան Ռալիէն:
Աննիկ Աճեմեանը պատմած է, որ 1904ին ծնած իր հայրը Պուրսա քաղաքէն էր եւ 11 տարեկանին ականատես եղած է թուրքերու կողմէ իր հօր եւ շատ այլ հայերու սպանութեան: Ան փրկուած է «Մխիթարեան» միաբաններու կողմէ, որոնք տեղափոխած են զինք Վենետիկ. հոն իր մէջ կ՛արթննայ արուեստի նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն եւ կը սկսի գծել կրօնական որմնանակարներ, ապագային նաեւ պաստառներու վրայ սկսած է գծելու: Ան Վենետիկէն Փարիզ եւ ապա Նիւ Եորք փոխադրուած է, ամուսնանալով իտալուհիի մը հետ եւ մահացած է 1963ին:
Աննիկ Աճեմեան պատմած է Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին թրքական վայրագութիւններու մասին, զորս տեղեկացած էր իր հօրմէն եւ այլ հայերէ, ցաւ յայտնելով, որ Թուրքիա մինչ օրս կը մերժէ ընդունիլ պատմական այս իրողութիւնը: Ան աւելցուցած է. «Հօրս նկարները դիտելով կը տեսնես Ցեղասպանութեան պատմութեան ամէն դրուագները՝ իւրաքանչիւր հատուածներով, ու 1.5 միլիոն հայերու սպանութիւնը: Կը կարծեմ, որ հօրս անցած ուղին օգնած է անոր, որ այսքան տպաւորիչ նկարներ գծէ: Այս սպանդը բոլոր հայերու յիշողութեան մէջ է: Անոնք չեն մոռնար զայն եւ չեն ներեր»: