
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռամիլ Սաֆարովը Ատրպէյճանին արտայանձնելու մասին որոշումը տրուած է կառավարութեան հաւաքական որոշումով եւ այս հարցին մէջ բոլոր ներգրաւուածները պատասխանատուութիւն կը կրեն. այսպէս յայտնած է Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Եանոս Մարթոնի, խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին այն նիստին, որ քննած է Սաֆարովի արտայանձնման հարցը:
Ըստ հունգարական «Politics.hu» կայքին՝ Մարթոնի նշած է, որ Հունգարիա այդ օրը «կամայ թէ ակամայ» խառնուած է հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան հարցին մէջ:
Ան կտրուկ կերպով հերքած է այն յայտարարութիւնները, թէ Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ գաղտնի համաձայնութիւններ գոյացած են այս գծով՝ վստահեցնելով, որ ճշմարտութիւնը ժամանակի ընթացքին յայտնի կը դառնայ: Նախարարը շեշտած է, որ Պաքու յստակօրէն երաշխաւորած է, թէ մարդասպանը պիտի շարունակէ Ատրպէյճանի մէջ կրել իր պատիժը, իսկ Հունգարիա ընդունած է այդ երաշխիքները:
Սաֆարովը արտայանձնելու վերաբերեալ Հունգարիոյ որոշումը «դիւրին» չէ եղած, ըսած է ան՝ նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Հունգարիոյ մէջ ապրող հայ փոքրաթիւ համայնքին հետ ունեցած Հունգարիոյ իշխանութեանց վաղեմի բարեկամական յարաբերութիւնները:
Նախապէս, Հունգարիոյ կառավարութեան ընկերվարական ընդդիմութեան ներկայացուցիչ Աթիլա Մեսթերհազի խորհրդարանի Ազգային ապահովութեան յանձնաժողովի նիստին ժամանակ յայտարարած էր, որ Հունգարիոյ վարչապետը «բարոյապէս սնանկ» է եւ պէտք է հրաժարական տայ: Ան նշած է, որ Սեպտեմբեր 11ին վարչապետ Օրպանի կատարած յայտարարութիւններէն յստակ դարձած է, որ Օրպան տեղեակ էր, թէ Ատրպէյճան ազատ պիտի արձակէ Սաֆարովը: