Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Ազգային ժողովի նիստին՝ պատասխանելով ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեանի այն հարցումին, թէ արդեօք Հայաստան «Եւրազես»էն հրաւէր ստացա՞ծ է՝ յայտարարեց. «Հայաստանը «Եւրազեսին» անդամակցելու պաշտօնական առաջարկ չի ստացել, հարցն առայժմ քննարկման փուլում է»։
«Եթէ լինեն փաստաթղթեր, որոնց շուրջ արդէն կ՛ընթանան կոնկրէտ քննարկումներ, մենք այդ բոլոր փաստաթղթերը կը ներկայացնենք ձեզ ու կ՛անցկացնենք բաց քննարկումներ», նշած է վարչապետը:
Հարցումներ ուղղուած են նաեւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին, որ կարելի եղածին չափ հակիրճ կերպով պատասխանած է։ Աղուան Վարդանեան հունգարական-ատրպէյճանական հարցին առնչութեամբ արտաքին գործոց նախարարութեան կատարած աշխատանքին մասին լուսաբանութիւն խնդրած է։
«Ի՞նչ է արել նախարարութիւնը Օգոստոսի 31ից յետոյ, ինչ յայտարարութիւններ, հեռախօսազանգեր, դիմումներ ու կոչեր է արել՝ միջազգային հանրութեանը խնդիրը ներկայացնելու ուղղութեամբ», հարց տուած է Վարդանեան:
«Ինչ որ արել ենք, արել ենք այս օրերի ընթացքում, բացէիբաց, բոլորի աչքի առաջ», նշած է նախարարը։
Սաֆարովի արտայանձումէն ու ազատ արձակումէն ետք Հայաստանի ու հայութեան նկատմամբ ձեւաւորուած է միջազգային հանրութեան դրական վերաբերմունք, նշած է Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեանը: Ան հարցուցած է. «Սա կարո՞ղ է յարմար պահ լինել՝ յստակ պահանջներ դնելու Լեռնեաին Ղարաբաղի հարցում: Մասնաւորապէս, պահանջենք, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի անդամ պետութիւնները ճանաչեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը»։
«Այդ վերաբերմունքը պայմանաւորուած է ոչ միայն այսօրով, այլեւ մինչ այս վարած քաղաքականութեամբ: Լեռնային Ղարաբաղի հարցում ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը մեզ հետ համակարծիք է», նշած է նախարար Նալբանդեան:
Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատուն բացատրած է, որ՝ «այս իրավիճակում կարեւոր է չձեռնարկել այնպիսի քայլեր, որ մեր տակից խալին դուրս գայ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.