ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պուլկարիոյ Պուրկաս քաղաքին մէջ կայացող «Եւրոֆոլք-2012» տարեկան միջազգային փառատօնին, Հայաստան ներկայացուցած է Երեւանի Արմէն Տիգրանեանի անուան երաժշտական դպրոցը եւ «Կոլտ սթար» պարային համոյթը: Փառատօնի «Ժողովրդական երգ» բաժինին մէջ երաժշտական դպրոցի սաները գրաւած են առաջին դիրքը եւ արժանացած ոսկի մետալի: Երկրորդ հանդիսացած է Պուլկարիան, երրորդ՝ Պրազիլը։ «Ժողովրդական պար» բաժինին մէջ հայերը եղած են լաւագոյնը։ «Կոլտ սթար» պարային համոյթը հանդիսացած է առաջին։ «Բացի այս մրցանակներից, Հայաստանը վերադարձել է եւս մէկ յաղթանակով: Մեզ հետ փառատօնին մասնակցում էր նաեւ Աւետ Գաբրիէլեանի անուան երաժշտական դպրոցի սան Հրանդ Գէորգեանը, ով ներկայացրեց Կոմիտասի երգերից եւ արժանացաւ դափնեկրի կոչման», ըսած է Արմէն Տիգրանեանի անուան երաժշտական դպրոցի տնօրէն Անահիտ Գէորգեան:
Հայաստանի «Հայ ֆոլքյոր» հիմնադրամը անդամ է «Եւրոպական ֆոլքյոր» հիմնադրամին եւ Հայաստան ամէն տարի փառատօնին մասնակցելու հրաւէրներ կը ստանայ: «Հայ ֆոլքյոր» հիմնադրամի նախագահ Սամուէլ Գալստեանի առաջարկով, այս տարի առաջին անգամն ըլլալով մրցումին մասնակցեցաւ Արմէն Տիգրանեանի անուան երաժշտական դպրոցը: Փառատօնի ծիրին մէջ դպրոցի սաներէն եւ ուսուցիչներէն կազմուած խումբը կարելիութիւն ունեցաւ ներկայացնելու հայկական երգը, պարը եւ ազգային արուեստը։
«Ժողովրդական երգ» բաժինով Տիգրանեանի դպրոցի խումբը ներկայացուցած է Կոմիտասի «Նուպար-Նուպար», «Հոյ նազան իմ եարը», «Նազան իմ եարը», «Սոնա եար», «Նուպարի պոյը չինար է» երգերը, ինչպէս նաեւ Կոնստանտին Օրբէլեանի «Երգ ճանապարհի» եւ Արա Գէորգեանի «Ատանա» ստեղծագործութիւնները:
«Փառատօնին, որպէս ազգային նուագարան, ներկայացրել էինք շուին. մեր դպրոցի ուսուցչուհի Վարսենիկ Մուրադեանը «Հովուի կան»չ ստեղծագործութեամբ դարձաւ փառատօնի «Ժողովրդական նուագարաններ» անուանակարգի դափնեկիր: Մեր ազգային մշակոյթը, ինչ շատ կարեւոր է, ներկայացրել ենք ազգային տարազով: Մեր խմբի անդամները ելոյթ էին ունենում Արեւմտեան Հայաստանի գաւառները ներկայացնող տարազներով», ըսած է Անահիտ Գէորգեանը:
Փառատօնի եզրափակիչ համերգը կայացած է Պուլկարիոյ Նեսեպր միջնադարեան քաղաքին մէջ, ուր Հայաստան ներկայացած է «Հոյ նազան» երգով: Փառատօնին կը մասնակցին 30 երկիրներ, որոնց կարգին՝ Պուլկարիան, Ռուսիան, Ուքրանիան, Պելոռուսը, Հնդկաստանը, Վրաստանը, Թուրքիան, Չեխիան, Լաթվիան, Պրազիլը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.