ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մերձաւոր Արեւելքի մեծագոյն հայկական եկեղեցւոյ՝ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ, համերգով հանդէս եկած է պոլսահայ, ներկայիս Գանատա ապրող նշանաւոր դաշնակահար Րաֆֆի Պետրոսեան: Ըստ «Նիուզ»ի թղթակիցին՝ համերգին մասնակցած են Միացեալ Նահանգներէն ժամանած մօտ 80 հայեր՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանի գլխաւորութեամբ, պոլսահայեր՝ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ, հայաստանցիներու փոքր խումբ մը, Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր եւ այլ անձնաւորութիւններ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.