
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան 79րդ Ողիմպիականը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Օգոստոս 30էն Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 3ի միջեւ, Պոսթընի մէջ: Աւելի քան հազար մասնակցողներ ներկայ էին այս սպասուած հաւաքին:
Անցեալի եւ ներկայի անդամներ քանի մը օր միասնաբար անմոռանալի ժամեր անցուցին եւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին: Մրցումներու կողքին տեղի ունեցան հաւաքներ եւ խնճոյքներ:
Նախկին երիտասարդականներուն համար տեղի ունեցաւ յատուկ հաւաք մը՝ Ուոթըրթաունի Հայ կեդրոնին մէջ:
Յաջորդող օրերուն՝ այլ խնճոյքներու ընթացքին, ելոյթ ունեցան Արմենչիք եւ Օննիկ Տինքճեան: Իսկ վերջին օրը տեղի ունեցաւ հրաժեշտի դաշտագնացութիւն մը՝ «Քեմփ Հայաստան»ի մէջ:
Ողիմպիականին մասնակցեցան ՀԵԴի մրցողներ Փրովիտենսէն, Պոսթընէն, Ֆիլատելֆիայէն, Տիթրոյիթէն, Նիւ Ճըրզիէն, Կրանիթ Սիթիէն, Ուուսթըրէն, Թորոնթոյէն, Շիքակոյէն, Մոնթրէալէն, Նորթ Էնտովըրէն, Ռէյսինէն եւ Ուաշինկթընէն:
Յառաջիկայ՝ 80րդ Ողիմպիականը տեղի պիտի ունենայ Ուաշինկթընի մէջ: