
Վերի լուսանկարը 2010ին լոյս տեսած հունգարական դրոշմաթուղթի մը նկարն է, որ նուիրուած է Ատրպէյճանի անկախութեան 20ամեակին: Հետաքրքրական է այն, որ այդ օրերուն հունգարական բանտի մը մէջ կը գտնուէր հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած ատրպէյճանցի ոճրագործ Սաֆարովը, ինչ որ մտածել կու տայ, թէ Ատրպէյճան-Հունգարիա սերտ յարաբերութիւնները, որոնց հետեւանքով ազատ արձակուեցաւ մարդասպանը, գոնէ քանի մը տարուան կեանք ունին: Հունգարիան նման ոճով չէ նշած Հայաստանի կամ խորհրդային այլ հանրապետութեան մը անկախութիւնը: