ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն յայտնեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը կը շարունակէ պառակտուած մնալ, իսկ մենք մինչեւ հիմա Դամասկոսի մէջ գոյութիւն ունեցող վարչակարգին իսկական այլընտրանք մը չունինք»:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց, որ Սուրիոյ տագնապի բոլոր կողմերէն պէտք է պահանջել արիւնահեղութիւնը դադրեցնել, որպէսզի սուրիացիները, «եւ անշուշտ ոչ վարձկանները», երկխօսութեան սեղան նստին, «արտաքին որեւէ միջամտութենէ անկախ», որպէսզի ազգային հաշտութեան միջոցները քննարկեն:
Նշենք, որ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13ին Դամասկոս հասաւ ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի, տագնապին լուծում գտնելու նպատակով հանդիպումներ ունենալու համար Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիլիփ Համընտ յայտնեց, որ սուրիական թղթածրարին առնչութեամբ «զինուորական ընտրանքը բացառուած չէ», նշելով, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է հեռանայ» եւ այդ նպատակով Ռուսիոյ եւ Չինաստանի վրայ յաւելեալ ճնշումներ պէտք է պարտադրուին:
Վերջապէս, «Նիւ Եորք Թայմզ» կը հաղորդէ, որ Իրան իրաքեան օդային տարածքով կ՛աջակցի Սուրիոյ բանակին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.