Նիս կատարած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս 8 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Ալփ Մարիթիմի նահանգապետ Քրիսթոֆ Միրմանի հետ, այնուհետեւ հայրապետական պատուիրակութեան անդամներու, թեմական եւ ծխական վարչականներու, քաղաքապետարանի պաշտօնատար անձնաւորութիւններու եւ հաւատացեալ հայորդիներու հետ ուղղուեցաւ Հայաստանի այգի, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին մօտ ու աղօթեց Եղեռնի զոհերու հոգիներու խաղաղութեան համար: Նոյն օրը կաթողիկոսը ծաղկեպսակ զետեղեց նաեւ Համաշխարհային պատերազմի զոհերու յուշարձանին դիմաց:
Երեկոյեան «Նեգրեսքօ» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք՝ ի պատիւ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին: Ընթրիքի ընթացքին Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ հայ եկեղեցւոյ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորի»չ պատուոյ բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրուեցաւ պատմաբան, հրապարակախօս, բարերար Յովհաննէս Չիլինգիրեան՝ առ ի գնահատանք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ ի գործ դրած ջանքերուն, եկեղեցանուէր ու ազգասէր երկարամեայ վաստակի:
9 Սեպտեմբերին, Նիսի Սուրբ Աստուածածին տաճարին մէջ մատուցուեցաւ հովուապետական Ս. պատարագ, որուն ներկայ էին քոյր եկեղեցիներու, տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, Նիսի քաղաքապետ Քրիստիան Էստրոզին, բազմաթիւ հաւատացեալներ: Պատարագէն ետք Գարեգին Բ. կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Մարսէյի եւ Նիսի ծխական խորհուրդներու անդամներուն եւ հաւատացեալ հայորդիներուն հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.