
Ուրբաթ, 14 Սեպտեմբերին Մոսկուայի Քրասնոփրեսնենսքայա Զասթաւա կոչուող հրապարակին վրայ հայ համայնքի ներկայացուցիչները բողոքի ցոյց մը կատարած են՝ դատապարտելով Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնումն ու ներումը:
Բողոքի ցոյցին մասնակցած է նաեւ Ռուսիոյ Լիպերալ-դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահ Վլատիմիր Ժիրինովսքի:
Վերջինս կ՛ենթադրէ, որ սաֆարովեան գործարքը կրնայ արեան վրէժի դէպքերու յանգեցնել հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ: «Եթէ ոեւէ մէկը սպաննէ զայն, ապա վրէժի գործողութիւններ կը սկսին: Այդ մէկը կ՛ըլլայ արեան վրէժ եւ դարձեալ կը սկսին սպաննելու: Զայն կրնային տեղափոխել. կրնար գոնէ 5 տարի (բանտ) նստիլ, ապա լուռ ազատէին՝ ըսենք՝ հիւանդութեան պատճառով, աննկատ, առանց ոեւէ մէկը այդ մասին տեղեկացնելով: Իսկ զայն ծաղիկներով դիմաւորեցին: Ատիկա դրամի աւելցուկէն կու գայ: Կշտացած են դրամէն, իրենց պէտք է տօն. վրէ՛ժ լուծել հայերէն: Ահա՝ (ըստ ատրպէյճանցիներու) ան պէտք չէ բանտ նստի: Ասիկա հրէշային բան է», յայտարարած է Ժիրինովսքի:
Անոր կարծիքով՝ հայկական յատուկ ծառայութիւնները կրնան որսի սկսիլ ոչ միայն Ռամիլ Սաֆարովի, այլեւ՝ ատրպէյճանցի ազդեցիկ գործարարներու եւ քաղաքական գործիչներու դէմ:
«Թող յատուկ ծառայութիւնները աշխատին: Պէտք է հայկական յատուկ ծառայութիւնները այնպիսի՛ անյապաղ պատասխան տան, որ յաջորդին ատրպէյճանցիներու միտքով այլեւս չանցնի յանցագործի մը ազատութիւն շնորհելը: Այդ մէկը յատուկ ծառայութիւններու աշխատանքն է: Հանրահաւաքներու ընթացքին մենք այդ հարցը չենք կրնար լուծել: Թող անոնք՝ հայկական եւ ռուսական յատուկ ծառայութիւնները, աշխատին: Անոնք կրնան կանխել այսպիսի գործողութիւններ: Թող ըսեն՝ եթէ հայ սպաննէ՛ք, ապա կ՛ոչնչացուին 5 մեծահարուստ ատրպէյճանցիներ», եզրակացուցած է Ժիրինովսքի: