
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19ին, մինչ Լիբանանի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը կը քննէին կառավարութեան կողմէ խորհրդարան ուղարկուած ընտրական օրինագիծը, «Ընտրական բարեկարգումի քաղաքացիական արշաւ»ի անդամ շուրջ 40 երիտասարդ գործիչներ, մարդկային օղակ մը կազմելով՝ «շրջափակեցին» խորհրդարանը՝ պահանջելով ընտրական արդիական օրէնքի մը մշակումը: Սակայն, երբ ապահովութեան ուժերը իմացան, թէ անոնք ցոյցի արտօնութիւն չեն ստացած, բռնի ուժով արգիլեցին «Նըժմէ» հրապարակ անոնց մուտքը: Քաղաքացիական այս շարժումը խափանուեցաւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ, որոնք խոշտանգեցին նաեւ այդ ցոյցին մասնակցող երիտասարդ գործիչները:
«Ընտրական բարեկարգումի քաղաքացիական արշաւ»ը երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստօրէն դատապարտեց ապահովութեան ուժերուն վարուելակերպը եւ յայտնեց, թէ մօտիկ ապագային պիտի կայանայ մամլոյ ասուլիս մը՝ յայտարարելու համար շարժումին ձեռնարկելիք ապագայ քայլերը:
Մինչ այդ, վերոյիշեալ նիստի ընթացքին երեսփոխանները սկսած են աստիճանաբար հեռանալու եւ իրենց գործադրած այս «մարտավարութեամբ» պատճառ դարձած են նիստի առկախումին, երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյութեան իբրեւ հետեւանք: Երեսփոխաններէն ոմանք դժգոհ էին, որ արտաքին գործոց նախարարը չէ ստորագրած օրինագիծը, իսկ ուրիշներ բողոքեցին, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ուղղակի կապ ունեցող խնդրոյ առարկայ երկու նախարարներ՝ ներքին գործոց եւ արդարութեան, կը բացակային նիստէն:
Նիստը նախագահող խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, թէ յանձնախումբերը կը պահանջեն, որ Սեպտեմբեր 27ին կայանալիք յաջորդ նիստին, վերոնշեալ երկու նախարարները ներկայ ըլլան, որպէսզի շարունակուի ընտրական օրինագիծերուն քննարկումը: