ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հակադարձելով վերջերս բազմաթիւ զոհեր խլած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան յարձակումներուն՝ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը վերջին հինգ տարիներու ընթացքին ռազմական ամենամեծ գործողութեան սկսած են Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20ին, փորձելով զսպել քիւրտ ապստամբները:
Ըստ «Հապերթիւրք»ի՝ Սեպտեմբեր 20ի կանուխ առաւօտեան, թրքական զօրամիաւորումները սկսած են ռմբակոծելու Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Հաքքարի նահանգի Շեմտինլի շրջանը գտնուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դիրքերը, մինչ ցամաքային ուժերը կը յառաջանային անոնց ուղղութեամբ:
Ռազմական գործողութիւններուն կը մասնակցին 60 հրասայլեր, մեծ թիւով հրետանի, օդուժ եւ հինգ հազարէ աւելի զինուորներ:
Մարտական յարձակումները աշխուժացած են, երբ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ որոշ շրջաններ քիւրտերու վերահսկողութեան տակ անցած են:
Որոշ քաղաքական վերլուծաբաններու կարծիքով՝ Սուրիոյ տագնապին պատճառով երկիրի հիւսիսային շրջաններուն մէջ կրնայ քրտական ինքնավարութիւն ստեղծուիլ, ինչպէս տեղի ունեցած էր հիւսիսային Իրաքի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.