
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 23 Սեպտեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ընդունեց Եգիպտոսէն խումբ մը մտաւորականներ եւ թերթերու գլխաւոր խմբագիրներ՝ ընկերակցութեամբ Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արմէն Մազլումեանի:
Ա. Մազլումեան Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ներկայացուց խումբի անդամներուն Հայաստան կատարած այցելութեան նպատակը՝ դիտել տալով, որ բարեկամ երկրի մտաւորականութիւնը այսպիսով առիթ կ՛ունենայ մօտէն ծանօթանալու հայկական մշակոյթին եւ ազգային-հոգեւոր արժէքներուն:
Զրոյցին ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը հիւրերուն ներկայացուց Սուրբ Էջմիածնի եւ անոր աթոռին խորհուրդն ու պատմութիւնը: Անդրադառնալով հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութեան՝ Գարեգին Բ. տեղեկացուց, որ փորձութիւններով լեցուն հայոց պատմութեան ընթացքին եկեղեցին ազգապահպան մեծ առաքելութիւն կատարած է՝ յաճախ ստանձնելով նաեւ ազգի քաղաքական առաջնորդութիւնը:
Կաթողիկոսը նաեւ ողջունեց նման փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպումը՝ նշելով, որ անոնք մեծապէս կը նպաստեն փոխճանաչողութեան ու յարաբերութիւններու առաւել սերտացման: Ան կարեւոր նկատեց Եգիպտոսի հայ համայնքին դերակատարութիւնը՝ գոհունակութեամբ ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդի մեծ թիւով զաւակներ իբրեւ Եգիպտոսի լիարժէք եւ օրինակելի քաղաքացիներ իրենց խաղաղ կեանքով ու բարի ծառայութեամբ կը նպաստեն երկրի զարգացման ու յառաջընթացին:
Հանդիպումին ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը պատասխանեց եգիպտացի մտաւորականներուն հարցումներուն, որոնք հիմնականօրէն կը վերաբերէին կրօնական հանդուրժողականութեան, հայ եւ ղպտի եկեղեցիներու եղբայրական յարաբերութիւններուն, եգիպտահայ համայնքի վիճակին, Հայոց Եղեռնի 100ամեակին ընդառաջ հայ եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուող աշխատանքներուն, տարածաշրջանին մէջ առկայ խնդիրներու կարգաւորման ծիրին մէջ հայ եկեղեցւոյ կողմէ ի գործ դրուող ջանքերուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին: