
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 24 Սեպտեմբերին Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ՝ դատաւոր Դաւիթ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ, անգամ մը եւս յետաձգուեցաւ «Հարսնաքար»ի գործով դատական նիստը:
Ամբաստանեալ Արման Խաչատրեանի պաշտպան փաստաբան Աւագ Լալայեանի խնդրանքով նիստը յետաձգուեցաւ՝ նիւթերուն ծանօթանալու համար:
Տուժող կողմի փաստաբան Վահէ Գրիգորեանը յայտարարեց, թէ դահլիճին մէջ քաղաքացիական հագուստով ոստիկաններ նստած են՝ դատաւորին խնդրելով ուշադրութիւն դարձնել տուեալ հանգամանքին: Դատաւորը պատասխանեց, որ այդ մէկը դատարանի լիազօրութիւններուն մէջ չէ:
Դատական նիստը յետաձգուեցաւ եւ նոր ժամկէտ նշանակուեցաւ 3 Հոկտեմբերը։