Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան 27 Սեպտեմբերին միջնորդագիր ներկայացուցած է՝ Ազգային ժողով պատգամաւոր Վարդան Օսկանեանը քրէական գործի մէջ մեղադրեալ նկատելու առնչութեամբ համաձայնութիւն տալու գծով: Այս լուրը «Սիւիլնեթ»ին հաստատած է գլխաւոր դատախազութեան մամլոյ խօսնակ Սոնա Տռուզեանը:
Ան նշած է, որ ատիկա «բնականաբար ենթադրում է պատգամաւորական անձեռնմխելիութիւնից զրկել Վարդան Օսկանեանին, քանի որ գործող օրէնսդրութեամբ՝ պատգամաւորը չի կարող գործում ներգրաւուել որպէս մեղադրեալ՝ առանց խորհրդարանի հաւանութեան»: Տռուզեան աւելցուցած է, որ այս միջնորդագիրը չ՛ենթադրեր Վարդան Օսկանեանը կալանքի տակ առնելու պատժամիջոցի դիմել։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.