
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ 2013 թուականի Յունուար 1էն սկսեալ նուազագոյն աշխարատավարձը պիտի բարձրանայ 2.5 հազար դրամով: Հայաստանի կառավարութեան 27 Սեպտեմբերի նիստին ընթացքին այս մասին յայտարարեց Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան՝ բացատրելով, որ այդպիսով նուազագոյն աշխատավարձը կ՛ըլլայ 35 հազար դրամ:
Ներկայիս Հայաստանի մէջ նուազագոյն աշխատավարձը 32 հազար 500 դրամ է:
Հայաստանի կառավարութեան 2012-2017 թուականներու ծրագիրով նպատակադրուած է նուազագոյն աշխատավարձի մակարդակի առնուազն կրկնապատկում: