
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ «Արեւմուտքի մեր գործակիցները Սուրիոյ մէջ քաոս կը ստեղծեն», եւ որ հակառակ Ռուսիոյ զգուշացումներուն, անոնք չեն դադրեցներ իրենց ապակայունացնող գործունէութիւնը:
Փութին յայտարարեց նաեւ, որ «անոնք (արեւմուտքցիները) շարք մը շրջաններու մէջ քաոս ստեղծեցին արդէն, իսկ ներկայիս այլ երկիրներու նկատմամբ, մասնաւորաբար՝ Սուրիոյ մէջ, նոյն քաղաքականութիւնը կը վարեն»:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին քաղաքական ապաստան պիտի չտրամադրէ:
Ռուսական «Ռոսիսքայա Կազեթա» թերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Հինգշաբթի օր ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նիստը լքած է, նախքան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի ելոյթը:
Լաւրով ներկայացուցած է Սուրիոյ տագնապի հարցին նկատմամբ Ռուսիոյ տեսակէտը, սակայն մինչ այդ՝ Քլինթըն ցուցադրաբար դահլիճէն դուրս եկած է եւ չէ լսած ելոյթը:
Ապահովութեան խորհուրդը Արաբական լիկային կոչ ուղղեց՝ Միջին Արեւելքի մէջ տագնապները լուծելու համար իր ջանքերը շարունակելու եւ միացեալ ջանքերը ամրապնդելու:
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճիւլիօ Թերզի իր կարգին յայտնեց, որ երկու շաբաթ առաջ «արաբական երկիրներուն կողմէ առաջարկուած՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի երկրէն հեռացման ռազմավարութեան մանրամասնութիւններուն շուրջ քննարկում տեղի կ՛ունենայ»:
Ան նշեց, որ սուրիական ընդդիմութեան վերջին ժողովը ցոյց տուած է, որ ան աւելի միակամ եւ աշխոյժ կերպով կը գործէ:
Ռազմական գետնի վրայ, մինչ Հալէպի որոշ շրջաններուն մէջ Ուրբաթ օր բախումները սաաստկացած են, «Մայատին» կայանը նոյն օրը հաղորդեց, թէ սուրիական բանակը Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ թաղամասը առած է իր վերահսկողութեան տակ, եւ թաղամասը ներթափանցած «Ճապհաթ Նուսրա» խմբակէն 40 զինեալներու շարքին՝ 16 զոհ արձանագրուած է, իսկ մնացեալը փախուստ տուած է շրջանէն:
Իրենց կարգին, սուրիական ընդդիմութենէն աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Հալէպի մէջ աննախադէպ բախումներ տեղի կ՛ունենան՝ պնդելով, թէ Հալէպի ճակատամարտը կը հասնի իր վճռական պահուն:
Նաեւ, Ուրբաթ օր թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Սուրիոյ Թել Ապիատ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իշխանական եւ ապստամբ ուժերու միջեւ բախումներուն ընթացքին արձակուած հրթիռ մը ինկած է Ուրֆայի Աքչաքալէ շրջանի փողոցներէն մէկուն վրայ՝ նիւթական վնասներ պատճառելով քանի մը տուներու եւ գրասենեակներու:
Ըստ «Նաշրա» կայքի տեղեկութեանց, Նիւ Եորքի մէջ կայացող ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներ-Սուրիա դիւանագիտական հանդիպում մը կը նախատեսուի:
Նաեւ, «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը գրած է. «Անգարա սուրիական տագնապին պատճառով մատնուած է նեղ կացութեան մը, որմէ դուրս գալու միջոցները չի գտներ»: