ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տանի Այալոն յայտնեց, որ Իրանի առջեւ «անոր հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ կարմիր գիծեր ճշդելու համար, Իսրայէլի եւ ամերիկեան վարչակազմին միջեւ հանդիպումներ տեղի կ՛ունենան», նշելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ հանդիպումները «լաւ կ՛ընթանան եւ անոնց կեցուածքներուն միջեւ գտնուող բացերը սկսած են նեղնալու»:
Այալոն յայտնեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի բեմէն կատարուած յայտարարութիւնները, որոնց մէջ ան վստահեցուց, որ Ուաշինկթըն Թեհրանին պիտի չարտօնէ հիւլէական զէնք արտադրել, «մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն, հակառակ Օպամայի կողմէ Թեհրանի առջեւ կարմիր գիծեր դնելու քայլի մերժումին»:
Իսրայէլ Օպամայէն կ՛ակնկալէր աւելի խիստ կեցուածք մը Իրանի նկատմամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.