ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան դատական հայց ներկայացուցած է գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական Ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի դէմ, որովհետեւ ան «երկիրի դաւաճան» որակած էր վարչապետը: Վարչապետը 100 հազար թրքական լիրա բարոյական փոխհատուցում կը պահանջէ:
Ըստ Էրտողանի փաստաբաններուն՝ Քըլըճտարօղլու «արտառոց վիրաւորանքներ» հասցուցած է վարչապետին՝ քննադատելու եւ արտայայտուելու ազատութեան սահմաներէն անդին անցնելով:
Քըլըչտարօղլու նաեւ յայտարարած էր, որ Էրտողան մեծ բանտի մը վերածած է երկիրը՝ պնդելով, թէ անոր կառավարութիւնը ոչ միայն հարցեր չի լուծեր, այլ «սկսած է ինք հարց դառնալու ժողովուդին համար»:
«Պատգամաւորները, քաղաքական գործիչները, մտաւորականները, լրագրողները, ուսանողները ձերբակալուած են: Երկիրին մէջ գոնէ մէկ անգամ չձերբակալուած մարդ չկայ: Ամբողջ աշխարհը կը ծիծաղի Թուրքիոյ վրայ», ըսած էր ան՝ նշելով, որ կը քննադատուի յատկապէս Սուրիոյ հարցով Անգարայի վարած քաղաքականութիւնը: Ան եզրակացուցած էր ըսելով. «Ոչ թէ սեփական, այլ ուրիշ երկիրներու շահերը պաշտպանող վարչապետը չի՛ կրնար Թուրքիոյ վարչապետ ըլլալ: Թուրքիան նոր իշխանութեան կարիքն ունի»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.