
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28ին, Պաքուի Նարտարան աւանին մէջ, Ամերիկայի մէջ նկարահանուած հակաիսլամական ֆիլմին դէմ դարձեալ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցած է: Ցուցարարները նաեւ դատապարտած են ֆրանսական «Չարլի Հեպտօ» թերթին մէջ լոյս տեսած Մուհամմատ մարգարէին ծաղրանկարները:
Ըստ ատրպէյճանական լրատու գործակալութեանց՝ ցուցարարներ պահանջած են իսլամական երկիրներէն եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութենէն, որ խզեն Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Իսրայէլի հետ իրենց յարաբերութիւնները ու պատժամիջոցներ որդեգրեն անոնց դէմ:
Ցոյցի աւարտին, մասնակիցները այրած են Ամերիկայի եւ Իսրայէլի դրօշակները: