ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 10 Յունուար 2013էն սկսեալ, Եւրոպական Միութեան անդամ 27 պետութիւններու, ինչպէս նաեւ անդամ չհանդիսացող, սակայն Շենկենեան դրոյթները (Schengen Acquis) կիրառող 4 պետութիւններու (Իսլանտա, Լիխթընշթայն, Նորվեկիա եւ Զուիցերիա) քաղաքացիները Հայաստան կրնան մուտք գործել առանց վիզայի։ Այս որոշման նախագիծը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան առաջարկով ներառուած է Հայաստանի կառավարութեան 4 Հոկտեմբերի նիստի օրակարգին վրայ:
Ըստ «Օտարերկրացիների մասին» Հայաստանի օրէնքին՝ առանց մուտքի արտօնութեան (վիզա) Հայաստան ժամանելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիները կրնան տարին 180 օր Հայաստան մնալ։
Նշենք, որ Հայաստան ներկայիս Եւրոպական Միութեան հետ կը բանակցի մուտքի վիզայի դիւրացման համաձայնագիրին շուրջ՝ հետագային ընդհանրապէս մուտքի վիզաները վերցնելու նպատակով: Կը նախատեսուի նաեւ նուազեցնել Շենկենի մուտքի վիզային գինը՝ 35 եուրօ։
Միակողմանի կերպով վերցնելով մուտքի արտօնագիրի պահանջը՝ Հայաստանը կ՛ակնկալէ արագացնել այս համաձայնագիրի կնքումը:
Նշենք, որ ԱՊՀ կարգ մը պետութիւններ եւս միակողմանիօրէն վերցուցած են Եւրոպական Միութեան հետ մուտքի վիզայի պահանջը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.