ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանին՝ կը հաղորդէ, որ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցին պաշտօնական բողոք արտայայտած է՝ յայտարարելով, որ Եգիպտոսի իշխանութիւնները միտումնաւոր կերպով երկրին մէջ ղպտիներու թիւին մասին նուազեցուած տուեալներ կը հրապարակեն:
Ըստ Եգիպտոսի Կեդրոնական վիճակագրական գործակալութեան հրապարակած տուեալներուն՝ երկիրին մէջ կը բնակին 5.13 միլիոն քրիստոնեաներ, ինչ որ Եգիպտոսի 83 միլիոն բնակչութեան 4 առ հարիւրը կը կազմէ:
Անցեալ տարի, Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, Եգիպտոսի քրիստոնեայ համայնքներուն մէջ կատարուած մարդահամարը այլ արդիւնք ցոյց տուած էր: Ըստ այդ վիճակագրութեան՝ Եգիպտոսի մէջ քրիստոնեաներուն թիւը 17 միլիոն է, ինչ որ Եգիպտոսի բնակչութեան 20 առ հարիւրը կը կազմէ: Աւստրիական «Փրօ Օրիենթէ» հիմնադրամի փորձագէտները նոյնպէս կը հաստատեն այս տուեալները:
Եգիպտոսի քրիստոնեաներու թիւին վերաբերեալ տուեալները երկար տարիներ իրականութենէն տարբեր եղած են: Նախկին նախագահ Հոսնի Մուպարաքի վարչակարգի շրջանին, տեղեկութիւններ կը հրապարակուէին այն մասին, թէ Եգիպտոսի մէջ 3.3 միլիոն քրիստոնեայ կը բնակի, իսկ ըստ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ՝ միայն այդ եկեղեցւոյ անդամներուն թիւը 2008ին 12 միլիոն էր:
Եգիպտոսի քրիստոնեաները մտավախութիւն ունին, որ կառավարական կեղծ վիճակագրական տուեալները կրնան նոր իշխանութիւններուն կողմէ օգտագործուիլ՝ քրիստոնեաները լուսանցքայնացնելու նպատակով, ինչպէս պատահած էր Մուպարաքի կառավարման շրջանին:
Այս հարցով Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ բողոքին միացած են նաեւ Եգիպտոսի քրիստոնէական այլ համայնքներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.