ՊՈԼԻՍ.- Ըստ «Հապերթիւրք»ի խմբագիր Ֆաթիհ Ալթայլըին՝ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, որուն պաշտօնավարութեան ժամկէտը կ՛աւարտի 2014ի Օգոստոսին, խորհրդարանին առջեւ Հոկտեմբեր 1ին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին «քօղարկուած» նշաններ ցոյց տուած է այն մասին, թէ կ՛ուզէ նախագահ վերընտրուիլ:
Ալթայլըի համաձայն՝ Կիւլ իր ելոյթով բացայայտած է, թէ առնուազն հինգ կարեւոր քաղաքական հարցերու պարագային համաձայն չէ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութեան քաղաքականութեան հետ: «Ես համաձայն չեմ այսօր իրագործուող ամէն բանի հետ», յայտարարած է նախագահը իր ելոյթին ընթացքին:
Ըստ լրագրողին՝ քրտական տագնապին, պատգամաւորներու անձենռմխելիութեան, ձերբակալուած պատգամաւորներու, մամուլի ազատութեան եւ տնտեսութեան զարգացման հետ կապուած հարցերու շուրջ են տարակարծութիւնները:
«Ի տարբերութիւն Էրտողանին, Կիւլ կը կարծէ, որ քրտական հարցի լուծման համար պէտք է երկխօսութեան սկսիլ ու բանակցիլ խորհրդարանին մէջ ներկայութիւն ապահոված քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան հետ: Ըստ նախագահին՝ պէտք է խլել քրտամէտ կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը», գրած է Այթայլը:
Վարչապետ Էրտողան կը փափաքի դառնալ երկիրի յաջորդ նախագահը՝ միաժամանակ Թուրքիան դարձնելով Միացեալ Նահանգներու օրինակով՝ նախագահական վարչակարգով երկիր մը, որ իրեն լայն իրաւասութիւններ պիտի ապահովէ:
Ըստ Թուրքիոյ մէջ կատարուած հարցախոյզի մը՝ թուրքերուն մեծամասնութիւնը կը փափաքի նախագահի պաշտօնին վրայ կրկին տեսնել Կիւլը՝ Էրտողանի փոխարէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.