ՊԵՐԼԻՆ.- Պերլինի մէջ «Սեւանայ լիճի երեկոյթներ»ը կազմակերպող «Sewansee» ընկերութեան նորակառոյց սրահին մէջ Կիրակի, Սեպտեմբեր 30ին տեղի ունեցած է Պերլինի հայկական դպրոցի 3ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը:

Ձեռնարկը նուիրուած է նաեւ 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանի բացման: «Sewansee» ընկերութեան տնօրինութիւնը՝ յանձինն Աշոտ Մանուկեանի եւ Վիքթոր Կերասիմեանի, այս առթիւ կազմակերպած է առատ հիւրասիրութիւն:
Պերլինի հայկական դպրոցի հիմնադիր Միքայէլ Մինասեանը տեղեկացուցած է, որ երեկոյթին մասնակցած են Գերմանիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան, Գերմանիոյ մօտ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեան եւ աւելի քան 100 հիւրեր: Շնորհահանդէսին հայերէնի քերականական, երկրագիտական եւ աշխարհագրական իրենց գիտելիքները ցուցադրած են դպրոցի 22 աշակերտներ:
Դպրոցի աշակերտներու մասնակցութեամբ, Երեւանի Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնի վաստակաւոր մեներգիչ, այժմ պերլինահայ Արտակ Կիրակոսեանի կողմէ հիմնադրուած է Պերլինի հայկական դպրոցի երգչախումբը, որ այսուհետ պիտի գործէ հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասընթացքներուն համընթաց:
Ըստ Միքայէլ Մինասեանի՝ պարբերաբար դպրոց հրաւիրուող տարբեր հիւր-ուսուցիչներու կողմէ այսուհետեւ պիտի դասաւանդուին նաեւ հայոց պատմութիւն, կրօն եւ հայ առասպելաբանութիւն: Մինասեան իր շնորհակալութիւնը յայտնած է ՀՀ դեսպանին, ԼՂՀ ներկայացուցիչին եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան՝ դպրոցին մեթոդական նիւթերով եւ դասագիրքերով օժանդակելու համար:
Դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան իր ուրախութիւնը յայտնած է դպրոցի սաներու յաջողութիւններուն առիթով եւ հայեցի գիտելիքներու ձեռքբերման մէջ մաղթած է նորանոր յաջողութիւններ: Իսկ Գերմանիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեանը շեշտած է Սփիւռքի մէջ հայկական դասընթացքներու իրականացման դերն ու նշանակութիւնը հայապահպանութեան գործին մէջ՝ նկատի ունենալով Պերլինի Հայկական դպրոցի օրինակը: