
ԹԵՀՐԱՆ.- Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան վերջերս մասնակցած է քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան՝ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Իրանի Միջկրօնական երկխօսութեան կեդրոնին միջեւ:
Անցած տարիներուն, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ իր ինքնուրոյն առաքելութեամբ բնորոշուող Մշակոյթի եւ իսլամական միջազգային հաղորդակցութիւն կազմակերպութեան հովանիին ներքոյ գործող Միջկրօնական երկխօսութեան (CID) կեդրոնը, աշխոյժ աշխատանք կը տանի միջկրօնական երկխօսութեան բնագաւառէն ներս:
Այս շրջագիծէն ներս Միջկրօնական երկխօսութեան կեդրոնը 1995էն ի վեր լուրջ երկխօսութեան մէջ է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (WCC) Միջկրօնական երկխօսութեան բաժանմունքին հետ:
Արդարեւ, Սեպտեմբեր 16էն 19, կայացաւ երկու կազմակերպութիւններու Միջկրօնական երկխօսութեան 6րդ հանդիպում-ժողովը՝ Ժընեւի մերձակայքը գտնուող Պոսէի Միջեկեղեցական կեդրոնին մէջ:
Սոյն համագումարին կը մասնակցէին Իրանէն, Շուէտէն, Գերմանիայէն, Ամերիկայէն, Լիբանանէն, Թուրքիայէն եւ Փաքիստանէն փորձագէտներ եւ աստուածաբաններ:
Ժողովը իր աշխատանքներուն սկսաւ Սեպտեմբեր 16ի երեկոյեան՝ ներկայութեամբ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար վեր. դոկտ. Օլաֆ Տուայթի, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն համագումարի կազմակերպման առթիւ, եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
Սեպտեմբեր 17ի առաւօտեան, ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները: Խորհրդակցութեան ընդհանուր նիւթն էր՝ «Միջկրօնական երկխօսութիւնն ու այսօրուան հասարակութիւնը. ճանապարհներ, միջոցներ եւ նպատակներ»: Սոյն ժողովի առաջին օրուան գլխաւոր դասախօսներէն էր առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը, որուն նիւթն էր՝ Հոգեւոր առաջնորդներու եւ մտաւորականութեան դերը՝ Միջկրօնական երկխօսութեան ժողովներու արդիւնքները, մտածումներն ու գաղափարները ժողովուրդի միտքին եւ սիրտին մէջ սերմանելու գործին մէջ: