
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան 2011 թուականի պետական պիւտճէի կատարողականի հաշուետուութիւնը վաւերացուեցաւ Ազգային ժողովին կողմէ՝ ձայներու 70 թեր եւ 6 դէմ քուէներով։ Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Խոսրով Յարութիւնեան նկատել տուաւ, որ ներկայացուածը կառավարութեան վարած ոչ միայն նիւթական-պիւտճէական, այլ ընդհանրապէս տնտեսական քաղաքականութեան լաւագոյն հաշուետուութիւնն է:
«Էութիւնն այն է՝ մենք արդեօք հաւանութիւն տալի՞ս ենք կառավարութեան գործունէութեանը հաշուետու ժամանակահատուածում, թէ ոչ: Այնքան կարեւոր չէ ինքը՝ կատարողականը, որքան համեմատութիւնը՝ ինչպիսի՛ տինամիքա ունենք տարբեր ոլորտներում», նշեց Յարութիւնեան: Անոր համաձայն՝ հիմնականին մէջ ընթացքը դրական է, բայց եւ այնպէս բաւարար չէ որակական կտրուկ փոփոխութիւն կատարելու համար։
«Ստուերային տնտեսութեան շրջանառութեան կրճատման տեմպերը, որ մենք կարողանում ենք արձանագրել, ըստ էութեան՝ չեն բաւարարում հանրութեանը: Դրական տեղաշարժերը՝ Համախառն ներքին արտադրութեան աճ, աշխատավարձերի տինամիքա եւ այլն բացայայտ են», դիտել տուաւ Յարութիւնեան:
2011ի պետական պիւտճէով ծրագրուած էր ստանալ աւելի քան 852.4 միլիառ դրամ եկամուտ, որուն 796.4 միլիառ դրամը՝ սեփական եկամուտներու, 56 միլիառ դրամը՝ արտաքին պաշտօնական դրամաշնորհներու ձեւով: Հայաստանի պետական պիւտճէի եկամուտներու ծրագիրը աւելցուած է 30.7 միլիառ դրամով (3.6 տոկոսով) եւ կազմած է շուրջ 883.2 միլիառ դրամ, որուն 818.5 միլիառը՝ սեփական եկամուտներէն, իսկ 64.6 միլիառը՝ պաշտօնական դրամաշնորհներէ: 2011ի փաստացի եկամուտները կազմած են 880.9 միլիառ դրամ:
Հայաստանի 2011ի պետական պիւտճէի մասին օրէնքով նախատեսուած էր 1.001.1 միլիառ դրամ ծախս: Տարուան ընթացքին ծրագիրը աւելացուած է 40.9 միլիառ դրամով (4.1 տոկոսով) եւ կազմած շուրջ 1.042.0 միլիառ դրամ: Փաստացի ծախսերը կազմած են 986.5 միլիառ դրամ: