
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4ի նիստին ընթացքին տեղի ունեցած ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման առնչուող քննարկումները առիթ հանդիսացած են, որ ԵԽԽՎ պատուիրակները կոչ ուղղեն կազմակերպութեան՝ ատրպէյճանական-հունգարական այս խայտառակ գործարքին դէմ յստակ եւ գործօն քայլերու ձեռնարկելու:
ԵԽԽՎի մէջ հայկական պատուիրակութեան անդամ Նայիրա Զոհրաբեանը յայտնած է, որ այս հարցին մասին ելոյթ ունեցող ԵԽԽՎի բոլոր պատուիրակները՝ ի բացառութիւն ատրպէյճանական պատուիրակութեան անդամներուն եւ թուրք պատգամաւորի մը, Սաֆարովի արտայանձնումը նկատուած է խայտառակ ու գայթակղեցուցիչ քայլ:
«Քննարկումները բաւականին բուռն էին. ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը ելոյթների համար հերթագրուել էր ողջ կազմով: Նրանք կրկին փորձում էին իրենց սուտը տարածել այդ ամպիոնից», նշած է Զոհրաբեան: Ան մէջբերած

է ֆրանսացի պատուիրակներէն մէկուն խօսքը, որուն մէջ ընդգծուած է, թէ նման քայլ առնող Ատրպէյճանի նման երկիր մը իսկապէս իրաւունք չունի Եւրոպական խորհուրդի անդամ ըլլալու:
Նայիրա Զոհրաբեանի համաձայն՝ ԵԽԽՎ պատուիրակներէն շատերը ընդգծած են, որ Ատրպէյճանը եւրոպական արժէքները ծիծաղի առարկայ կը դարձնէ, նոյնիսկ Վեհաժողովի որոշ պատուիրակները «կը գնէ»։ Իր ելոյթին մէջ Զոհրաբեան շեշտած է, որ դրամով մարդ ու մրցանակ գնելու Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը երկար կեանք չի կրնար ունենալ։ «Ես նշեցի, որ Սաֆարովի ազատ արձակումը Եւրոպայի արժէքների պարտութիւնն ու Եւրոխորհրդի ամօթն է, քանի որ ազատ է արձակուել ու հերոսացուել մի մարդասպան, ով էթնիկ հողի վրայ յանցագործութիւն է կատարել», յայտնած է Զոհրաբեան։
Քննարկման ընթացքին հայկական պատուիրակութեան կազմէն ելոյթ ունեցած են նաեւ պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեանը, Արմէն Ռուստամեանը, Լեւոն Զուրաբեանը, որոնք նոյնպէս ընդգծած են Եւրոպական խորհուրդին կողմէ Սաֆարովի արտայանձնման դատապարտման եւ ապա նաեւ գործօն քայլերու ձեռնարկման անհրաժեշտութիւնը: