
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Յովհաննէս Մարկարեանի իրաւաբանական գրասենեակը որոշած է 2013-2014 կրթական տարեշրջանին կրթանպաստներ տրամադրել խումբ մը հայ ուսանողներու, որոնք իրենց կրթական ու կամաւոր սպասարկութեան կեանքէն ներս յատկանշական իրագործումներու հասած են:
Հինգ կրթանպաստներ պիտի տրամադրուին, որոնցմէ առաջինը առնուազն 2500 տոլար պիտի ըլլայ, իսկ երկրորդը՝ 1000, մինչ մնացեալ երեքը՝ 500ական տոլար:
Կրթանպաստներու դիմումին ժամկէտը Փետրուար 15, 2013ն է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ դիմումնագիրին համար այցելել www.MargarianLaw.com/Scholarship կայքէջը: