– Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» թերթը կը հաղորդէ, որ անցեալ շաբաթ Կազայէն հակաօդային հրթիռ մը արձակուած է իսրայէլեան ռմբաձիգի մը ուղղութեամբ: Թերթը կը նշէ, որ արձակուածը «Սթրելա Էս.Այ.7» տիպի հրթիռ մըն էր, որ իր թիրախէն վրիպած էր: Թերթը կը նշէ, որ մօտաւորապէս վեց տարիէ ի վեր, իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան տեղեկութիւններ կը հաղորդէին, թէ պաղեստինեան «Համաս» շարժումը Կազայի մէջ այդպիսի հրթիռներ ունի:
– Թուրքիան մտահոգ է այն իրողութեամբ, որ Ռուսիա վերջերս իր հարաւային շրջաններուն մէջ արդիական «S-400» տիպի հակաօդային հրթիռներ տեղադրած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.