ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Թարաֆ» թերթի աշխատակից Պիւլենտ Օնուր Շահին, ընթերցողներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է Թուրքիոյ լեզուական կաճառի պաշտօնական բառարանին վրայ։ Այս հաստատութիւնը, որ Թուրքիոյ լեզուական հարցերու թիւ մէկ հեղինակութիւնը կը հանդիսանայ եւ որուն բառարանը ամէնէն վստահելի, պաշտօնական ու յանձնարարելի բառարանը կը նկատուի, որոշ շրջանակներու կողմէ քննադատուած է, որովհետեւ կը պնդուի, թէ անիկա օտարներու հասցէին ատելութիւն կը սերմանէ՝ կարգ մը բառերու իմաստը տալու ընթացքին։
Շահին կարգ մը օրինակներ կը թուէ։ Զոր օրինակ, երբ համացանցի բառարանին մէջ «ռուս» գրես ու իմաստը պահանջես, բառարանը կը պատասխանէ. «Արեւելեան սլաւ ժողովուրդ, որ կ՛ապրի Ռուսիոյ մէջ, կամ այս ժողովուրդէն անհատ մը, Մոսկուայի կեավուր )Մոսգոֆ կեավուրու)»։ Շահին կը նշէ, թէ այս վերջին բացատրութիւնը ատելութիւն կը սերմանէ եւ բոլորովին անտեղի է։ Նաեւ, երբ «քիւրտ» գրես, կը տրուի հետեւեալ պատասխանը. «Հաւաքականութիւն մը, որ կ՛ապրի Միջին Ասիոյ մէջ, կամ այդ հաւաքականութեան պատկանող անհատ», անուղղակի կերպով ուրանալով Թուրքիոյ կամ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող միլիոնաւոր քիւրտերու գոյութիւնը։ Բառարանը նաեւ «անկրօն» բառին դիմաց կու տայ «անխիղճ» բացատրութիւնը։
«Այլ խօսքով՝ այս պաշտօնական բառարանը, որ երկիրի հարիւրաւոր բառարաններուն ամէնէն հեղինակաւորը եւ առաջնորդը կը նկատուի, օտարներու նկատմամբ թշնամական արտայայտութիւններով լեցուն է, ու այս վիճակով, ատելութիւն կը սերմանէ օտարներու նկատմամբ», կ՛եզրակացնէ Շահին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.