ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ եւ Կիրակի, Հոկտեմբեր 6-7ին, կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մշակութային, տիկնանց եւ ընկերային յանձնախումբերուն, ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի «Աղաճանեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ համեստ թիւով մշակութասէրներու, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Հրանդ Տինք Փոքր Բեմ» թատերախումբը ներկայացուց Մուշեղ Իշխանի «Մեռնիլը որքան դժուար է» թատերախաղը՝ բեմադրութեամբ սոյն թատերախումբի հիմնադիր, ծանօթ բեմադրիչ-դերասանուհի Սիրարփի Աճէմեանի:
Այս առթիւ, յանձնախումբը առ ի երախտագիտութիւն հրաւիրած էր հեղինակ Մուշեղ Իշխանի որդին՝ տոքթ. Ճինտէրէճեանը:
Յանուն կազմակերպիչ յանձնախումբին, ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանը բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ներկաներուն ու վեր առաւ բեմադրիչ Սիրարփի Աճէմեանի՝ հայ բեմին ու հայ թատրոնին երկարամեայ վաստակը, սէրն ու պաշտամունքը:
Մուշեղ Իշխանի գործերուն ծանօթի մը համար՝ խաղին նիւթը նորութիւն մը չէր, բայց եւ այժմէական ըլլալէ ալ չէր դադրեր: Այսպէս, ամերիկահայ Ճէյմզ Արամեանի մարմինի բոլոր բաժինները անդամալուծուած էին, բացի՝ ուղեղէն: Բժիշկները վիրահատելով անոր ուղեղը՝ զայն կը տեղադրեն ուղեղի մը կարիք ունեցող երիտասարդ ամերիկացիի մը գանկին մէջ: Արամեան կը մահանայ, կը թաղուի, սակայն դրախտի մուտքին Պետրոս առաքեալ կը մերժէ զայն ներս ընդունիլ, որովհետեւ ան տակաւին բոլորովին չէր մահացած: Իր կարգին, հայ ուղեղ ստացող երիտասարդ Մայքըլը կը բժշկուի, սակայն ամէն առիթով կը յիշէ հայոց մեծ ողբերգութիւնը՝ Ցեղասպանութիւնը, հայ ժողովուրդին ճակատագրուած անարդար դատը: Ահա հո՛ս է, որ երկու անհատներ իրարմէ անջատ կը տառապին: Մէկը մեռնիլ կ՛ուզէ, իսկ միւսը միշտ կը յիշէ իր ուղեղին տիրոջը մտահոգութիւնը ու անով կ՛ապրի՝ վէճի ու վիճաբանութեան դռներ բանալով իր ընտանիքէն ներս: Մէկ խօսքով՝ սփիւռքահայու մտայնութենէն, հոգեկան տագնապ ստեղծող ամէնօրեայ մտատանչութենէն նմոյշ մըն էր այս խաղը, որ շնորհիւ բնիկ պոլսեցի բեմադրիչ Աճէմեանի բեմական փորձառութեան՝ թատերախաղը յաջողութեամբ ներկայացուեցաւ, հակառակ բեմի անյարմար իրավիճակին:
Գաղութին գրեթէ անծանօթ այս հիւր թատերախումբին բեմադրիչը իր կողքին ունէր Բարսեղ Մարկոսեանը, Գառնիկ Ճէօմեթրը, Գէորգ Ադամեանը, Յարութ Տարղունեանը, Գէորգ Արսլանեանը, Սեդա Դեհերեանը, Սիրարփի Աճէմեանը, Վարուժան Թորոսը եւ Հիլտա Զաքարեանը, բոլորն ալ՝ հայ բեմի սիրայօժար սպասարկուներ, որոնք կարելիութեան սահմաններով կարողացան իրենց դերերը մարմնաւորել: Աչքառու էին Բարսեղ Մարկոսեանը, ուղեղը վիրահատուած Ճէյմզ Արամեանն ու Յարութ Տարղունեանը՝ նոր ուղեղ ստացող Մայքըլ Տէյվիսի դերերով անոնք՝ բեմադրիչ Աճէմեանի կողքին՝ տարբեր փայլք տալու այս խաղին:
Խումբին բեմադրիչին եւ դերակատարներու զոհաբերութեան եւ զոհողութեան կողքին, անպայմանօրէն ծափահարելի եւ գնահատելի է նաեւ Պոլսահայ միութիւնը, որ ոչ միայն կը քաջալերէ հեռաւոր Թորոնթոյի թատերախումբը, այլեւ պատգամ մը փոխանցելու մտահոգութեամբ՝ հայ բեմի վայելք կը հրամցնէ թատերասէր իր անդամներուն եւ յատկապէս մշակութասէր հասարակութեան: