ՀԱԼԷՊ, «Եռագոյն».- Հալէպի մէջ իրավիճակի մեծ փոփոխութիւններ տեղի չեն ունենար: Թէեւ որոշ շրջաններու մէջ բախումները կը շարունակուին, սակայն հայկական թաղամասերուն մէջ, համեմատաբար, վիճակը աւելի հանգիստ է: Հալէպի ազգային վարժարանի պաշտօնեայ մը «Եռագոյն» կայքին յայտնած է, որ «Առտու Կիւլպէնկեան Ազգ. վարժարան կ՛երթանք, մինչեւ կէսօր, յետոյ գնումներ կ՛ընենք ու տուն կը վերադառնանք. հեռուէն ձայներ կը լսուին»:
Գամիշլիի մէջ իրավիճակը հանդարտ է, բայց այնուամենայնիւ՝ լարուած. տեղի Ազգային Եփրատ վարժարանի արտաքին պատերուն վրայ գրուած են «Ձեզի հանգիստ չենք ձգեր» բառերը, այդ իսկ պատճառով, ծնողները քանի մը օր իրենց զաւակները դպրոց չեն ուղարկած:
Քաղաքէն արտագաղթը զգալի է, իսկ հայութեան թիւը՝ նուազած. ուղղութիւնը յատկապէս Եւրոպան է եւ Հայաստանը: Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16ին սուրիական օդանաւով երկու ընտանիք Գամիշլիէն տեղափոխուած են Արցախ. մեծ է թիւը նաեւ Հալէպէն եւ Թել Ապիատէն Գամիշլի տեղափոխուած հայութեան. անոնց յատկացուած են բնակարաններ՝ ազգային կալուածներու մէջ, իսկ տեղի երիտասարդութիւնը կը հոգայ անոնց կարիքները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.