
«Մարդկութիւն՝ Անմարդկութեան Մէջ» («Humanity in the Midst of Inhumanity») գիրքի հեղինակ Շաքէ Սէթեան Հոկտեմբեր 21ին գիրքի բովանդակութեան շուրջ քննարկումներ պիտի ներկայացնէ Ուոթըրթաունի հայկական գրադարանին եւ թանգարանին մէջ:
Գիրքը կ՛ուսումնասիրէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով այն թուրք մահմետականներուն, որոնք փրկած են հայերուն կեանքը՝ իրենց իսկ ընտանիքի անդամներուն կեանքը վտանգելով: Գիրքին մէջ ընդգրկուած են 16 պատմութիւններ: Հեղինակը գիրքին մէջ անդրադարձած է նաեւ ամերիկահայերու առաջին սերունդին կրած դժուարութիւններուն եւ անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած խտրականութեան, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան ժխտման դէմ թրքական կողմէն տարուող աշխատանքներուն:
Ցեղասպանութիւնը վերապրողի մը դուստր՝ Շաքէ Սէթեան դոկտորի աստիճան ստացած է Մեսեչուսեցի համալսարանէն: Ան դասաւանդած է Ափրինկֆիլտի քոլէճին, Քէյփ Քաթի եւ Արցախի համալսարաններուն մէջ: Սէթեան տարի մը ապրած է Արցախ եւ կատարած է կամաւոր աշխատանքներ:
Ներկայիս ան կ՛ապրի Մեսեչուսեց. երեք երեխայի մայր է եւ ունի հինգ թոռնիկ: