ՍԴՀԿի Հայ ամերիկեան խորհուրդը որոշած է զօրակցիլ Պարաք Օպամային, Նոյեմբեր 6ին կայանալիք նախագահական ընտրութեան ընթացքին:
Այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Օպամա չյարգեց Հայկական Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ճանչնալու խոստումը, սակայն ան Ապրիլ 24ի իր ելոյթներուն ընթացքին գործածեց «Մեծ Եղեռն» եզրը, իսկ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ թուրքերուն կոչ ըրաւ հաշտուելու իրենց պատմութեան հետ:
Հոն նաեւ կը շեշտուի, թէ Օպամայի գլխաւոր մրցակիցին՝ Միթ Ռամնիի, նեցուկ կանգնող Հանրապետական կուսակցութիւնը, վերջին տարիներուն աւելի աջ թեքուելու սկսած է՝ դառնալով ծայրայեղ պահպանողական կուսակցութիւն մը, իսկ Ռամնիի գաղափարները կը ծառայեն ունեւոր դասակարգի «մենաշնորհներու» պահպանման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Mr. Romney i have the worst news of the day for you SDHP indorsing
Mr. Obama for second term Mr. Romney don’t wast your time any more
you lost the presidency Armenian social democrat hunchkian party by endorsing Obama
all your hops is gone stop campaign go home next time don’t mess with SDHP if
you like to be come a president of the U.S.A.