ԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐՈՒ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ՀՄԸՄի մարզական կեանքին մէջ Ֆութպոլը միշտ լայն ժողովրդականութիւն վայելած է եւ կը շարունակէ վայելել: Բազմաթիւ ՀՄԸՄականներ, իրենց լաւ խաղարկութեամբ ակնյայտ դարձան ոչ միայն ՀՄԸՄի եւ անոր ընդմէջէն հայկական գաղութներու մէջ, այլեւ իրենց ապրած երկիրի ազգային խումբերուն մէջ ընդգրկուելով՝ ՀՄԸՄի եւ հայութեան անունը միշտ բարձր պահեցին: Նման բազմաթիւ օրինակներ գոյութիւն ունին եւ ունեցած են նաեւ ՀՄԸՄի Լիբանանի պատմութեան մէջ, եւ եթէ անոնց անուններն ու արձանագրած մարզական յաջողութիւնները փորձենք գրի առնել, ապա վստահաբար էջեր կը լեցուին:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով, ինչպէս նաեւ ճակատագիրի բերումով, ֆութպոլի բազմաթիւ նման մարզիկներ հաստատուած են Քալիֆորնիոյ հեռաւոր այս ափերուն վրայ, ուր հակառակ իրենց յառաջացած տարիքին, մարզական կեանքէն չեն հրաժարած եւ նոյն ոգիով հակած կը մնան իրենց պաշտելի ոտնագնդակին:
Աւելի՛ն. 1983ին, ֆութպոլի այդ աստղերը քով-քովի գալով՝ հիմնած են «ՀՄԸՄի Լիբանանի Ֆութպոլի վեթերաններու խումբ»ը, եւ շաբաթական դրութեամբ կը շարունակեն իրենց ընկերական փորձերը:
Վերջերս, ընդառաջելով մեր սիրելի ֆութպոլիստներու հրաւէրին՝ այցելեցի Սրբոց Նահատակաց ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրի կից մարզադաշտը, ուր անոնք կը կատարեն իրենց շաբաթական փորձերը: Հո՛ն էր խումբի հիմնադիրներէն վաստակաշատ ՀՄԸՄական Զաքար Չորպաճեանը, ինչպէս նաեւ Ալպեռ Ունճեանը, Յարութիւն Սասունեանը եւ ուրիշներ, որոնք հիացմունքով կը հետեւէին Լիբանանի մէջ իրենց գուրգուրանքին արժանացած ֆութպոլիստներու փորձերուն, այն ֆութպոլի «խենթ»երուն, որոնք անցեալին իրենց յաղթանակներով ամբողջ լիբանանահայութիւնը կանգուն պահած են՝ հպարտութեան անմոռանալի պահեր պարգեւելով անոր:
Փորձերը կը ղեկավարէր Խաչիկ Ճիկէրճեանը, բոլորին ծանօթ «Հայաստանցի Խաչիկը», որ 70ականներուն Հայաստանէն Լիբանան հրաւիրուելով՝ դարձած էր տեղւոյն ՀՄԸՄի ֆութպոլի հաւաքականի աստղերէն մին:
Ուրախ մթնոլորտի մը մէջ աւարտեցան փորձերը: Տղաքը իրարու հետ կատակելով, իրենց արձանագրած կօլերուն եւ գնդակի գեղեցիկ փոխանցումներուն մասին խօսելով դուրս եկան մարզադաշտէն՝ ազատ ձգելով զայն արդէն իսկ անհամբեր դարձած փոքր ՀՄԸՄականներուն: Խաչիկ Ճիկէրճեան ժպտադէմ մօտեցաւ, գրպանէն հանեց հազար տոլար կանխիկ գումար մը եւ յանձնեց ինծի ըսելով, «Այս համեստ գումարով կը փափաքինք մասնակից դառնալ Հայ Օգնութեան մ իութեան նախաձեռնած սուրիահայերու օգնութեան հասնելու ջանքերուն»:
Մեծապէս տպաւորուած գեղեցիկ այս նախաձեռնութենէն շնորհաւորեցի եւ շնորհակալութիւն յայտնեցի բոլորին: Իսկ այնուհետեւ, աւելի մօտէն ծանօթանալու համար ազգասէր այս խումբի աշխատանքներուն հետաքրքրական խօսակցութիւն մը ունեցայ խումբին պատասխանատու Խաչիկ Ճիկէրճեանի եւ ՀՄԸՄի ֆութպոլի անցեալի փայլուն աստղերէն Սարգիս Նէնէճեանի հետ:
«29 տարիներու պատմութիւն ունի այս խումբը», ընդգծեց Խաչիկ Ճիկէրճեանը եւ հպարտութեամբ տուաւ անունները անոր հիմնադիրներուն. Աբօ Նէնէճեան, Վազգէն Գալայճեան, Սարգիս Նէնէճեան, Սարգիս Սագայեան, Վարուժ Փաթրիքեան (Պոյինկ), Մայք Թորոսեան (Միկ), նոյն ինքն Խաչիկ Ճիկէրճեան եւ բոլոր Պէյրութի ՀՄԸՄի տղաքը, որոնք հաստատուած են Լոս Անճելըս:
Իր հիմնադրութեան յաջորդ տարին իսկ, 1984ին, ինքնավստահ այս տղաքը Ամերիկա հրաւիրած են ՀՄԸՄի Լիբանանի ֆութպոլի խումբը եւ մի քանի մրցումներ կատարելով մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած են շրջանէն ներս:
1992ին, խումբը հանգանակային մեծ ձեռնարկ մը կազմակերպելով կարողացած էր 15,000 տոլար յատկացնել Ղարաբաղի ազատամարտիկներուն:
«Երբ լսեցինք Սուրիոյ քաղաքական տագնապը եւ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, անմիջապէս որոշեցինք 1000 տոլարով արձագանգել Հայ Օգնութեան Միութեան կոչին: Սակայն այսքանով չենք բաւարարուած: Մօտիկ ապագային լայն մաշտապով ձեռնարկ մը պիտի կազմակերպենք եւ հասոյթը դարձեալ ՀՕՄի միջոցաւ պիտի տրամադրենք Սուրիահայերու օժանդակութեան աշխատանքներուն», աւելցուց Սագօ Նէնէճեան:
«Խումբը ամէն շաբաթ կը հաւաքուի եւ կիրակնօրեայ ֆութպոլի իր փորձերը կը կատարէ: Միասին ըլլալով՝ շաբթուան ծանրաբեռնուածութիւնը կը թօթափենք ու կը թեթեւնանք: Ասկէ անկախ, յատուկ նպատակներու նուիրուած պարբերաբար ընկերային ձեռնարկներ կազմակերպելով՝ կը հաւաքուինք, անցեալի յիշատակները կը վերապրինք եւ ուրախ ժամեր կ՛անցընենք», շարունակեց Ճիկէրճեան:
Խումբի թուական պատկերին անդրադառնալով՝ ան յայտնեց, թէ ներկայիս երեսուն հոգի են, սակայն հինգ հարիւրէ աւելի համակիրներ ունին: Անմիջական ծախսերու համար շաբաթական որոշ գումար մը կը հաւաքեն: Ամսական տարեդարձներ կը նշեն եւ հիւրեր կը հիւրընկալեն: Մահ ունեցող իրենց անդամներուն կը ցաւակցին եւ ի հարկին՝ օգտակար կը հանդիսանան անոնց ընտանիքներուն:
Ճիկէրճեանի համար ՀՄԸՄը այն գլխաւոր կազմակերպութիւններէն մէկն է, որ Սփիւռքի մէջ հայապահպանման գծով շարունակական աշխատանք կը տանի, եւ որուն հաւատալով է, որ վեթերաններու իրենց խումբը կը փորձէ նաեւ օգտակար հանդիսանալ ՀՄԸՄի ընդհանուր աշխատանքներուն եւ յատկապէս՝ ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղին, որուն շրջապատէն ներս կը գործեն եւ կը զօրակցին մարզադաշտ մը ունենալու գաղափարին:
Եղբայրը ցաւով փոխանցեց, թէ խումբի հիմնադիրներէն եւ երկար ժամանակ անոր պատասխանատուութիւնը ստանձնած ՀՄԸՄի ֆութպոլի փայլուն աստղերէն Աբօ Նէնէճեան, անհանգստութեան պատճառով՝ կարելիութիւն չունի միանալու խումբին:
Երբ կը պատրաստուէի հրաժեշտ տալու մեր սիրելի վեթերան մարզիկներուն, ինծի մօտեցաւ 72ամեայ ՀՄԸՄի ֆութպոլի աստղերէն Մայք Թորոսեանը՝ բոլորին ծանօթ «Միկ»ը, եւ ցոյց տալով վեթերան իր ընկերները՝ ըսաւ. «Այս տղաքը հինէն ի վեր միշտ նպատակ ունեցած են ֆութպոլի դրօշը երիտասարդ սերունդներուն յանձնել: Անոնք յաջողա՛ծ են»:
Այո՛, յաջողած են, սիրելի եղբայր: Յաջողած են, որովհետեւ համախմբուած են ՀՄԸՄի դրօշին տակ՝ այն կազմակերպութեան, որ գիտէ արժեւորել իր անդամները, ֆիզիքականին առընթեր անոնց տալով նաեւ ազգային դաստիարակութիւն՝ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» իմաստալից իր կարգախօսով:
Բարի երթ ձեզի, սիրելի վեթերան ՀՄԸՄական ֆութպոլիստներ: