
ԷՆՍԻՕ.- Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Սեպտեմբեր 29ին կայացած Էնսինոյի թաղային խորհուրդի ընտրութեանց ընթացքին յաղթանակ արձանագրած են ընտրութեանց մասնակցած բոլոր հայ թեկնածուները:
Արդարեւ, Դալար Տէրտէրեան վերընտրուած է իբրեւ ծրագրումի եւ տարածքներու օգտագործման հարցերու ներկայացուցիչ, Ճան Թաշճեան ընտրուած է իբրեւ հանրային ապահովութեան հարցերու ներկայացուցիչ, Վիգէն Չէլէպեան ընտրուած է իբրեւ կրօնական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ, իսկ Հրակ Կիտցինեան՝ իբրեւ կամաւոր եւ սպասարկութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչ:
«Կ՛ողջունենք նշեալ աշխոյժ գործիչներու ընտրութիւնը եւ պատաստ ենք անոնց հետ գործակցելու, համայնքին հայութիւնը յուզող հարցերուն շուրջ», կը յայտնէ Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նարեկ Կիտցինեան:
Յանձնախումբին գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել Facebook.com/ANCASFW կամ twitter.com/ANCASFW կայքէջերը: