
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր անդամներէն Սիլվա Քէշիշեան եւ Դալար Գոսաքեան Օգոստոս 19ին հանդիպում մը ունեցած են Պըրպենք քաղաքի քարտուղար Զիզեթ Մալինզի հետ, քննելով շրջանի հայութիւնը քաղաքին մէջ աւելի գործօն դերակատար դարձնելու կարելիութիւնները:
Քննուած հարցերէն մէկն էր քուէարկութեան մասին տեղեկութիւնները հայերէնի թարգմանելու կարելիութիւնը: «Քուէարկութեան առնչուող տեղեկութիւնները հայերէնի թարգմանելը բնականաբար պիտի նպաստէ ընտրութեանց հայութեան մասնակցութեան աճին: Պէտք է վստահ ըլլանք, որ լեզուական արգելքները վերցուին քաղաքացիներուն առջեւէն», ըսած է Սիլվա Քէշիշեան:
Իր կարգին, Մալինզ յիշեցուցած է, թէ իր պարտականութիւնն է երաշխաւորել քաղաքին մէջ ազատ եւ անկաշկանդ ընտրութեանց կայացումը, խոստանալով իր կարելին ընել, որ ընտրութեանց ընթացքին քաղաքին հայութիւնը առաւելագոյն չափով իր մասնակցութիւնը բերէ, կարեւոր համարելով այս հարցին մէջ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ համագործակցութիւնը:
Քննուած է նաեւ քաղաքին տարբեր յանձնաժողովներուն, յանձնախումբերուն եւ մարմիններուն մէջ հայերու աւելի յատկանշական մասնակցութիւն ապահովելու կարելիութիւնը:
«Երկրորդականի կամ համալսարանի ուսանողները վարժողական շարք մը ծրագիրներու եւ կամաւոր աշխատանքներու միջոցաւ կարելիութիւն ունին մասնակից դառնալու Պըրպենքի քաղաքապետութեան զանազան գործունէութեանց, արժէքաւոր փորձառութիւն շահելով», ըսած է Դալար Գոսաքեան: