
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հալէպի թաղամասերուն մէջ քանի մը օրէ ի վեր տիրող հանդարտ մթնոլորտը 25 Հոկտեմբերին փոխուեցաւ, եւ բուռն կրակոցներ սկսան։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանը՝ աւելցնելով, որ ընդդիմադիրները փորձած են թափանցել որոշ թաղամասեր, ուր նաեւ հայեր կը բնակին: Անոր համաձայն, փոխադարձ հրացանաձգութիւնը շարունակուած է, սակայն յստակ պատկեր չկայ վնասներու, ինչպէս նաեւ մարդկային կորուստներու վերաբերեալ: Բանակը կը փորձէ ետ մղել ընդդիմադիրները։ Ընդդիմադիրներուն եւ բանակին միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան Ժալլա շրջանին մէջ, ուր մեծ թիւով հայեր, քրիստոնեաներ կը բնակին, կան եկեղեցիներ ու դպրոցներ։ Կրակոցներ լսելի դարձան են նաեւ Ազիզիէի մուտքին։
Անդրադառնալով Աշրաֆիէ թաղամասին մէջ տեղի ունեցող բախումներուն՝ Ռէյիսեան դիտել տուաւ, որ թաղամասին մէջ քիչ թիւով հայեր կը բնակին՝ աւելցնելով, որ նախորդող օրերուն առաւել հանդարտ թաղամասը ներկայիս ներառուած է բախումային շրջաններուն մէջ: Հայաշատ Նոր Գիւղ թաղամասին մասին ան նշեց, թէ այնտեղ մեծ վտանգ կը ներկայացնեն արձակազէնները։ Սակայն ներկայ դրութեամբ մարդկային նոր զոհեր չկան։
Հայաստանէն Հալէպ հասած մարդասիրական օգնութեան օդանաւի բեռը տակաւին օդակայան կը գտնուի եւ աշխատանք կը տարուի զայն դուրս հանելու։
Ռէյիսեանի համաձայն, Ազգային առաջնորդարանին պատկանող հայկական դպրոցները՝ ապահովութեան նկատառումներով, տակաւին փակ են: Իսկ որոշ դպրոցներ մասամբ կը գործեն:
Դամասկոսահայերէն «Արմէնփրէս»ը տեղեկացած է, որ մայրաքաղաքի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ իրավիճակը հանդարտ է: Քաղաքին մէջ խիստ հսկողութիւն կայ, բոլոր ինքնաշարժները կը խուզարկուին։ Լարուածութիւն նկատելի է ծայրամասերուն մէջ, սակայն ոչ մէկ դէպք արձանագրուած է։