
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն տուած այցելութեան վերջին օրը մասնակցած է գերժամանակակից սպառազինութեամբ զինուած հակաօդային պաշտպանութեան զօրամասի բացման արարողութեան:
Նախագահը այս առիթով շնորհաւորած է ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնած է զինուորներուն՝ անոնց մատուցած լաւ ծառայութեան համար։
«Զինուած ուժերը կոչուած են պաշտպանելու մեր ժողովրդին, բայց զինուած ուժերում կան ստորաբաժանումներ, որոնց գործողութիւնից է անմիջականօրէն կախուած մեր ժողովրդի ապահովութիւնը: Եւ այդպիսի ստորաբաժանումներից է, իհարկէ, հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումը», նշած է ան։
Նախագահը դիտել տուած է, որ արցախեան ազատամարտի տարիներուն ռազմական գործողութիւններուն մասնակցողները բնականաբար կը յիշեն, թէ հայկական հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու փայլուն գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք հակառակորդը չէ յաջողած էական վնաս հասցնել հայկական կողմին, իսկ «մեր հակաօդային ուժերը կարողացել են զգալի վնաս հասցնել հակառակորդի օդուժին»:
Անոր համաձայն, ժամանակակից պայմաններով եւ սպառազինութեամբ յագեցած զօրամասի բացումը խորհրդանշական եւ կարեւոր է նաեւ հայկական բոլոր զօրամասերուն ու անոնց ապագային համար: