ԹԱՒՐԻԶ.- Ուրբաթ, 19 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6ին, Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ, Թարգմանչաց տօնին նուիրուած իւրայատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ, հովանաւորութեամբ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի եւ կազմակերպութեամբ ՀՕ Միութեան Ուրմիոյ մասնաճիւղի:
Մշակոյթի ամսուան առիթով, Թաւրիզէն հրաւիրուած էր ՀՕՄի Թաւրիզի մանկական երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Նարինէ Սայադեանի, եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Կարէն Սարգիսեանի: Հանդիսութեան ներկայ էին ծխատէր Ներսէս քհնյ. Պասիլեան, Պատգամաւորական ժողովի եւ Թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչ անդամներ, Ուրմիոյ Գործակալական խորհուրդը, միութենականներ եւ մեծաթիւ հանդիսականներ:
Բացման խօսքը Ուրմիոյ ՀՕՄի անունով կատարեց Լինեթ Մեջլումեան, Մշակոյթի ամսուան յատուկ նշանակութիւնը փոխանցելով ներկաներուն: «Ալիք» հաստատութեան Թաւրիզի մասնաճիւղի անունով խօսք արտասանեց Նայիրի Դիլանեան, ներկայացնելով երգչախումբի կազմութեան եւ ունեցած ելոյթներու հակիրճ պատմականը: Ապա ներկաներու ծափողջոյններուն ներքեւ բեմ բարձրացաւ մանկական երգչախումբը, եւ աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ, տասնեակէ աւելի ազգային հայրենասիրական ու կոմիտասեան երգերով եւ արտասանութեամբ խանդավառեց ներկայ բազմութիւնը, գնահատական երկարատեւ ծափողջոյններ խլելով ժողովուրդէն: Իւրաքանչիւր երգէ առաջ, Շաքէ Մարգարեան ազգայնաշունչ պատգամներու մէջբերումներ կատարեց, հայրենասիրական ոգիով թրծուած հեղինակներու գրութիւններէն:
Հանդիսութեան աւարտին Երեսփոխանական ժողովի դիւանի անդամ Վահիկ Բայրամեան Ուրմիոյ երեփոխաններուն, հոգաբարձուներուն եւ ժողովուրդին անունով շնորհաւորական խօսք արտասանեց առաջնորդական ընտրութեան առիթով, եւ ապա, բեմին վրայ հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Պասիլեանի եւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Մանասէր Մուրատեանի ձեռամբ թեմակալ առաջնորդին յանձնուեցաւ թանկարժէք յուշանուէր:
Ապա, հայր սուրբը փոխանցեց իր պատգամը: «Բոլորիս սրտերը ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ լեցուեցան, երբ մեր պատանիները ազգային հայրենասիրական երգերը երգեցին մեծ խանդավառութեամբ: Այս երգերով դաստիարակուած են սերունդներ ամբողջ, ու վառ պահած հայրենիքի ազատագրութեան ոգին: Այս երգերով մենք մեր հայրենիքի ազատութիւնն երազած ենք, Կոմիտասով սիրած ենք, ու հայ երգով քիչ մը աւելի հայացած», ըսաւ ան:
Ի վերջոյ, հայր սուրբը գնահատեց խմբավարուհին, երգեհոնահարը, ելոյթ ունեցող մանկական երգչախումբի անդամները, անոնց ծնողները: Ապա, ՀՕՄի Ուրմիոյ մասնաճիւղի նախագահուհի Սեդա Մեջլումեանի գլխաւորութեամբ եւ հայր սուրբի ձեռամբ յուշանուէրներ բաշխուեցան երգչախումբի անդամներուն:
Աւարտին, հայր սուրբի «Պահպանիչ»ով փակուեցաւ Հայ Մշակոյթի ամսուան եւ Թարգմանչաց վարդապետաց նուիրուած գեղարուեստական յայտագիրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.