ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

«Նիւ Եորք Թայմզ»ը, 30 Հոկտեմբերի իր համարով եւ շարժանկարային արուեստի նորութեանց նուիրուած բաժնով, լոյս ընծայեց ուշագրաւ մեկնաբանութիւն մը թրքական շարժանկարի աշխարհը վերջերս ողողած՝ Օսմանեան Ժամանակաշրջանը վերակենդանացնող ժապաւէններու «զգայացունց» նորոյթին վերաբերեալ։
«Կարծէք Օսմանեան ժամանակաշրջանը բնաւ չաւարտեցաւ» ընդհանուր խորագրին տակ, միջազգային մեծ համբաւի տէր ամերիկեան թերթը կարեւորութեամբ տեղ տուած է Dan Bilefskyի նկարազարդ մէկ նիւթին, որ կ՛անդրադառնայ օսմանցի թուրքերու պատմութենէն եւ կենցաղէն ներշնչուած ժապաւէններու ոչ միայն պատրաստութեան ու արտադրութեան նախապատուութիւն տալու նորայայտ երեւոյթին, այլեւ ու մանաւանդ այդօրինակ ժապաւէններուն գտած լայն ժողովրդականութեան…
Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի հրապարակումին՝ վերջին տարիներուն բացառիկ յաջողութիւն գտած թրքական այդօրինակ ժապաւէններու շարքին են՝
– Օսմանցի թուրքերու կողմէ Կոստանդնուպոլսոյ «նուաճման»՝ 1453 թուականի ժամանակաշրջանէն ներշնչուած «Conquest 1453» ժապաւէնը, որ, միջին–արեւելեան տարբեր երկիրներու շարժանկարի սրահներուն փնտռուած ժապաւէնը դառնալէ ետք, ներկայիս սկսած է նաեւ հեռատեսիլով ցուցադրուիլ՝ համապատասխան վերամշակումով շարունակական շարքի վերածուած։
– «Once Upon a Time։ Ottoman Empire Mutiny» անուն ժապաւէնը, որ ներշնչուած է 18րդ դարուն տեղի ունեցած Ենիչէրիներու մեծ ապստամբութենէն՝ օրուան Սուլթանին եւ արքունի ընտանիքին հեղինակութեան դէմ։
– Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին, Տարտանէլի տիրապետութեան համար մղուած եւ Դաշնակիցներու դէմ թուրքերու յաղթանակով պսակուած Կալիփոլիի ճակատամարտէն ներշնչուած առնուազն չորս ժապաւէններ, որոնց նորագոյնին՝ տակաւին պատրաստութեան մէջ գտնուող «In Gallipoli» ժապաւէնին գլխաւոր դերերէն մէկը (բրիտանացի հրամանատարի դերով) ստանձնած է ամերիկացի սիրուած դերասան Mel Gibson։
«Նիւ Եորք Թայմզ»ն ու իր աշխատակիցը ուշագրաւ կը գտնեն եւ իրենց ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեն գլխաւոր երկու պարագայ.–
1) Թրքական այս բոլոր ժապաւէններն ալ շուկայական ընկալեալ որակով «յաջող» արտադրութիւններ են, որոնք գրաւիչ ոճով կը հրամցնեն ոչ միայն օսմանցի թուրքերու սուլթանական, ազնուական, ենիչէրիական եւ հարեմական հագուստ–կապուստը, նիստ ու կացը, եաթաղանն ու զրահները, այլեւ՝ յանուն Ալլահի «անհաւատներ»ը դարձի բերելու, հաւատքի համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու եւ օսմանցի թուրքին ինքնութիւնը պաշտամունքի առարկայ դարձնելու վարքն ու բարքը՝ վայրագ մարտերու, ռազմական յաղթանակներու եւ վառ սիրաբանութեանց շռայլ տեսարաններով…
2) Օսմանցի թուրքերու «մշակութային գերակայութիւն»ը (յաղթանակած քաղաքակրթութեան ու մշակոյթի գաղափարը) հիմնաւորելու կոչուած ժապաւէններ են ասոնք, որոնք իբրեւ այդպիսին ալ կ՛ընկալուին եւ լայն ժողովրդականութիւն կը գտնեն։ Կը ծառայեն Օսմանեան Ժամանակաշրջանի առասպելականացումին եւ, անոր գերակայ արժէքին ներշնչումով, այսօրուան թուրքին, նաեւ՝ ընդհանրապէս Արեւմուտքին դէմ դժգոհութիւն ու դառնութիւն տածող մահմետականին հպարտութիւնը ջրդեղելու, արմատաւորելու նպատակին։ Այն աստիճան, որ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի համաձայն՝ խնդրոյ առարկայ ժապաւէններու ցուցադրութեան ընթացքին պատահած են դէպքեր, երբ սրահը թնդացած է «Ալլահ Աքպար» բացագանչութիւններով եւ «անհաւատներ»ը պատժելու կոչերով, որոնց ականջալուր շարժանկարի սրահի տէր մը մտածած է մինչեւ իսկ ոստիկանութիւն կանչելու մասին… Աւելի՛ն. թրքական այս ժապաւէններուն գտած լայն ժողովրդականութիւնը սկսած է դրսեւորուիլ նաեւ օսմանեան տարազներու նորովի օգտագործումով՝ թրքական հագուածքի նորաձեւութեանց մէջ։ Օսմանեան տարազներու ոճով զգեստներու գործածութիւնը սկսած է ընդհանրանալ թուրք քաղքենի հասարակութեան հանդիսաւոր հաւաքներու ընթացքին։ Իսկ տղամարդոց մօտ, մանաւանդ երիտասարդներու պարագային, օսմանցի թուրքերու ոճով պեխ ու մօրուք ձգելը դարձած է վարակիչ նորաձեւութիւն։
Ինքնանպատակ չէ այսքա՛ն կեդրոնացումը թրքական շարժանկարի աշխարհը խանդավառած օսմանցիութեան վերարժեւորման բուռն ալիքին վրայ։
Զուտ գեղարուեստական կամ մշակութային նորութեան ընկալումով չէ, նաեւ, որ ամերիկեան թերթը լուսարձակի տակ կը բերէ թրքական ազգայնամոլութիւնը հրահրող ու այլամերժութեամբ թունաւորող այսօրինակ ժապաւէներու նորոյթը։
«Նիւ Եորք Թայմզ» ուղղակիօրէն օրակարգի վրայ կը բերէ գլխաւոր այն մտահոգութիւնը, թէ Օսմանեան Ժամանակաշրջանը այս աստիճան առասպելականացնելով եւ Օսմանեան անցեալը յատկորոշող սեւ էջերը պարզապէս ծածկելով՝ Թուրքիա բարիք մը չ՛ըներ իր իսկ նորահաս սերունդներուն եւ ընդհանրապէս թուրք հասարակութեան։ Թերթը կը մէջբերէ մինչեւ իսկ նոյնօրինակ մտահոգութիւնները թուրք հրապարակագիրներու կամ շարժանկարի քննադատներու, որոնք հեգնանքով կը սպասեն, որ այս ժապաւէններու հետեւողութեամբ՝ շուկայ հանուին 1974ին Կիպրոսի վրայ թրքական յարձակման «Աթիլլա գործողութիւն»ը նկարահանող «Conquest 1974» կամ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը ուրացող «Extinction 1915» անունով ժապաւէններ։
Ամերիկեան մամուլը այսքանով կը բաւարարուի եւ մատը չի դներ բուն վէրքին վրայ, որ շուրջ տասնամեակէ մը ի վեր վարչապետ Էրտողանի գլխաւորութեամբ իշխանութեան ղեկին եկած թուրք պետական ղեկավարութեան կիրարկած «օսմանականութիւն»ը վերականգնելու հետեւողական ռազմավարութիւնն է։
Ընդհանրապէս արեւմտեան քաղաքական միտքը, առօրէական ու պատեհապաշտական հաշուարկներով, կը խուսափի թրքական պետութեան այսօրուան ղեկավարութեան հրահրած թրքական ազգայնամոլութեան ծանրագոյն վտանգին դէմ ահազանգ հնչեցնելէ։
Այլապէս՝ նոյն արեւմուտքը անպատասխան պիտի չձգէ ու հալած իւղի պէս կուլ չտայ վարչապետ Էրտողանի կողմէ, տարիներէ ի վեր, յանկերգի վերածուած այն յայտարարութիւնները , որոնց համաձայն՝ «Թուրքիան հայերէն ներողութիւն խնդրելու պատճառ չունի, որովհետեւ ոչ մէկ ցեղասպանութիւն գործած է», կամ՝ «որովհետեւ իսլամը չ՛արտօներ ցեղասպանութիւն գործել»ը…
Յատկապէս այս օրերուն, երբ սուրիական տագնապին առիթով պատռած է դէմքի քողը Էրտողանի գովազդած «թրքական խաղաղասիրութեան» եւ «դրացիներու հետ զերօ հարց ունենալու քաղաքականութեան», արեւմուտքը ամէն հիմք ունի տեսնելու եւ ահազանգելու, թէ «օսմանականութեան վերարժեւորում»ն ու թրքական «մշակութային գերակայութեան» հրահրումը շեշտակիօրէն քաղաքական պատուէրի մը հետեւանք են եւ կը ծառայեն ամբողջ տարածաշրջանին վրայ թրքական հակակշռին վերահաստատումին…
Բայց ինչո՞ւ խօսիլ միայն արեւմուտքի քաղաքական անհեռատեսութեան մասին եւ չանդրադառնալ նոյնինքն թուրք օսմանականութեան զոհ գացած ազգերու եւ անոնց պետութեանց՝ Յունաստանի ու Պուլկարիոյ, Սուրիոյ եւ Իրաքի, Հայաստանի եւ Քրտական շարժման կողմէ թոյլ տրուող սխալներուն, յանուն այսպէս կոչուած «բարի դրացիութեան», «համերաշխ գործակցութեան» կամ «տարածաշրջանային համագործակցութեան»…
Յունաստան տակաւին կը փայփայէ Թուրքիոյ ճամբով Պաքուէն, տնտեսական նպաստաւոր պայմաններով, հեղուկ կազ ապահովելու եւ ներդրումներ ձեռք ձգելու պատրանքը։
Սուրիա միայն հիմա կը սթափի, եթէ այսօր լրիւ արթնցած է անշուշտ, որպէսզի անդրադառնայ եւ տեսնէ, թէ Թուրքիոյ տրուած եւ թուրքերէն հողային պահանջներ չունենալու իր հաւաստիացումները պարզապէս կը ծառայեն թրքական ազգայնամոլութեան աւելի «ինքնավստահ» բորբոքումին։
Քրտական Շարժումը տակաւին նոր կը սթափի, այդ ալ Էօճալանի թեւին ահազանգներով, թէ քիւրտ ժողովուրդին փրկութիւնը կը պահանջէ նոյնինքն Թուրքիոյ մէջ Քրտական շարժումին վերաշխուժացումը։
Իսկ ի՞նչ է մեր՝ հայկակա՛ն պատասխանը։
Տակաւին կը վարանինք այսպէս կոչուած «Հայեւթուրք Արձանագրութիւններ»էն Հայաստանի ստորագրութիւնը յետս կոչելու քայլն իսկ նետելու…
Նոյնիսկ եթէ քաղաքականօրէն պահը յարմար չենք գտներ Թուրքիայէն քաղաքական հատուցում պահանջելու, գոնէ աշխարհասփիւռ մեր ուժերը շարժման մէջ դնենք՝ թրքական պետութեան ձեռնարկած «մշակութային գրոհ»ը եւ թրքական ազգայնամոլութեան «օսմանական շքերթը» դիմագրաւելու եւ ձախողութեան մատնելու համար։