

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7ի կանուխ ժամերուն հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը շնորհաւորած է

ՄիացեալՆահանգներու նախագահ վերընտրուած Պարաք Օպամայի ընտրական յաղթանակը՝ միաժամանակ դրուատելով հանրապետական թեկնածու Միթ Ռամնիի մղած եւ լաւապէս
կազմակերպուած ընտրապայքարը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ընտրութիւններուն մասնակցած ամերիկահայերուն, որոնք մրցանիշ հաստատած թիւերով քուէարկած են՝ ապահովելով Հայ Դատի աջակցութիւնը վայելող մեծ թիւով թեկնածուներու յաղթանակը:
Խաչիկեան իր յայտարարութեան մէջ նաեւ յոյս յայտնած է, որ յառաջիկայ տարիներուն կարելի կ՛ըլլայ Օպամայի վարչակարգին ու Քոնկրեսին հետ ամերիկահայութեան կապերը սերտացնել, ամերիկահայութեան շահերը լաւապէս պաշտպանելու նպատակով:
«Ուրախ ենք, որ մեր աջակցութիւնը վայելող այսքան մեծ համեմատութեամբ քոնկրեսականներ կրցան յաղթանակներ ապահովել, ներառեալ՝ հայութեան շահերու կարեւոր ջատագովներ՝ ծերակուտական Պապ Մենենտեզ, Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան ղեկավար Էրիք Քենթըր, քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ, Էտ Ռոյս, Ֆրենք Փալոն եւ շատ ուրիշներ:
Ընդհանուր առմամբ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն մօտաւորապէս 90 տոկոսը յաղթանակ արձանագրեց:
Ծերակոյտի ընտրութեանց ընթացքին, Հայ Դատի հովանաւորած 15 թեկնածուներէն 12ը յաղթական դուրս եկան, ներառեալ՝ Մենենտես, Տայան Ֆայնսթայն, Պեն Քարտին, Տեպի Սթեպընաու եւ Քրիս Մըրֆի:
Ներկայացուցիչներու տան մէջ, Հայ Դատի աջակցութիւնը վայելող 130 թեկնածուներէն միայն 12ը պարտուեցան: Քոնկրեսի մէջ Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահներ Փալոնի եւ Ռոյսի, ինչպէս նաեւ Քենթըրի, Քեփսի, ու Շիֆի կողքին, յաղթանակներ արձանագրեցին Անա Էշու, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Սիսելին, Ճեֆ Տենամ, Քորի Կարտնըր, Մայքըլ Կրիմ, Ճենիս Հան, Տինա Թայթըս, Տէյվիտ Վալատաու, Ֆրենք Ուոլֆ եւ Պրետ Շըրմըն:
Միւս կողմէ՝ Հայ Դատի աջակցութիւնը վայելող Տենի Թարխանեանը պարտուեցաւ Նեւատայի մէջ տեղի ունեցած Քոնկրեսի ընտրութեանց ընթացքին:
Հակառակ անգործութեան բարձր համեմատութեան եւ տնտեսութեան դիմագրաւած դանդաղ աճին, ինչպէս նաեւ հակառակ այն ակնկալութեանց, որ նախագահական ընտրութեանց արդիւնքը շատ մօտ պիտի ըլլայ, նախագահ Պարաք Օպամա Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 6ի կէսգիշերէն առաջ իսկ յաղթական հռչակուեցաւ՝ ապահոված ըլլալով բաւարար նահանգներու աջակցութիւնը, մինչ Ֆլորիտայի արդիւնքներուն ճակատագիրը անորոշ կը մնար տակաւին:
Հակառակ հանրապետական Միթ Ռամնիի տարած ընտրապայքարին, Օպամա կրցաւ իր հակակշիռին տակ պահել մեծ մասը այն նահանգներուն, ուրկէ ան 2008ին յաղթական դուրս եկած էր՝ կորսնցնելով միայն Ինտիանան ու Հիւսիսային Քարոլայնան, եւ համոզիչ յաղթանակ մը ապահովելով ճակատագրական նկատուող Օհայոյի մէջ:
Յաղթանակի իր ելոյթին մէջ, Օպամա անգամ մը եւս յայտարարեց, թէ պիտի փորձէ գործակցիլ հանրապետականներուն հետ՝ աւելցնելով, թէ երկիրը առաջ կը շարժի «ձեզի՛ շնորհիւ»՝ խօսքը ուղղելով Շիքակոյի մէջ հաւաքուած իր համակիրներուն եւ ընտրապայքարը կազմակերպողներուն:
Ըստ ոչ վերջնական տուեալներու՝ Օպամա ապահոված է 307 պատուիրակներու աջակցութիւնը, (270ը հարկաւոր է նախագահ ընտրուելու), իսկ Ռամնի՝ 206: Օպամա ապահոված է գրեթէ 60 միլիոն քուէ, իսկ Ռամնի՝ 57.2 միլիոն:
Քաղաքական մեկնաբաններ կը յայտնեն, թէ Օպամայի յաղթանակի պատճառներէն մէկը այն է, որ քաղաքացիներուն աւելի քան կէսը տակաւին ունի այն համոզումը, որ տնտեսութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները հետեւանք են նախորդ նախագահ Ճորճ Պուշի որդեգրած քաղաքականութեան:
Հակառակ միլիառաւոր տոլարներ արժած նախագահական եւ քոնկրեսական ընտրութիւններուն, Սպիտակ տան ու Քոնկրեսին մէջ հանրապետականներու եւ դեմոկրատներու միջեւ ուժերու բաժանումը գրեթէ անփոփոխ մնաց:
Արդարեւ, մինչ Սպիտակ տունը յառաջիկայ չորս տարիներուն պիտի մնայ դեմոկրատներու հակակշիռին տակ, հանրապետականները կրցան պահել Ներկայացուցիչներու տան մէջ իրենց առաւելութիւնը, մինչ Ծերակոյտը մնաց դեմոկրատներու տիրապետութեան տակ, հակառակ այն պնդումներուն, թէ հանրապետականները հոն եւս պիտի կարենան մեծամասնութիւն ապահովել:
Ըստ ոչ վերջնական տուեալներու՝ հանրապետականները 232 աթոռ ապահոված են Ներկայացուցիչներու տան մէջ, իսկ դեմոկրատները՝ 191: 12 ընտրութեանց վերջին արդիւնքները ցարդ չեն յստակացած: Հակառակ այն իրողութեան, որ ընդհանուր պատկերը նոյնը կը մնայ, բաւական նոր դէմքեր պիտի ըլլան նոր Ներկայացուցիչներու տան մէջ: Անոնցմէ մէկն է Իրաքի պատերազմի վեթերաններէն Թեմի Տաքուըրթը (դեմոկրատ), որ պարտութեան մատնեց պահպանողական քոնկրեսական Ճօ Ուելշը, իսկ Ճոզէֆ Քենետի Գ.ը, որ թոռնիկն է Ռապըրթ Քենետիին, յաղթանակ մը արձանագրելով պիտի լեցնէ Պառնի Ֆրենքի թափուր ձգած աթոռը:
Դեմոկրատ թեկնածուներ նաեւ կրցան պարտութեան մատնել Ֆլորիտայէն, Մերիլենտէն, Նիւ Հեմփշիրէն ու Նիւ Եորքէն քոնկրեսականներ՝ խլելով անոնց աթոռները, սակայն Այօուայի մէջ պահպանողական Սթիւ Քինկ (հանրապետական) կրցաւ իր աթոռը պահել, հակառակ իր դէմ մղուած զօրաւոր պայքարին:
Ծերակոյտին մէջ, դեմոկրատները առնուազն 52 աթոռ ապահոված են, իսկ հանրապետականները՝ 45: Երկու ծերակուտականներ ընտրուած են իբրեւ անկախ թեկնածուներ, իսկ մէկ ընտրութեան արդիւնքը տակաւին չէ յստակացած:
Ծերակոյտի ընտրութեանց մէջ ամենակարեւոր յաղթանակներէն մէկը դեմոկրատ Էլիզապէթ Ուորընի յաղթանակն էր՝ պահպանողական Սքաթ Պրաունի դէմ: Ուորըն նախագահ Օպամայի կողմէ նշանակուած էր իբրեւ դրամատնային համակարգը բարեկարգելու պատասխանատու, սակայն անոր նշանակումը չէր վաւերացուած դրամատուներուն եւ պահպանողական հանրապետականներուն ցուցաբերած ընդդիմութեան հետեւանքով: Մինչ դեմոկրատները յատկանշական յաղթանակներ արձանագրեցին աւանդաբար պահպանողական Միզուրիի եւ Ինտիանայի մէջ, Նըպրեսքայի մէջ դեմոկրատ թեկնածուն չկրցաւ պահել իր աթոռը, մինչ Հիւսիսային Տաքոթայի մէջ եւս դեմոկրատ թեկնածուն կը գտնուի պարտուելու վտանգին տակ: