
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ տեղի ունեցած է Անանիա Շիրակացիի 1400ամեակին նուիրուած յանձնաժողովի նիստը:
Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, ժողովին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է յոբելենական ծրագիրին մէջ նկատի առնուած նախաձեռնութիւններու իրականացման ընթացքին եւ արդիւնքներուն: Յատկապէս նշուած է, որ արդէն իսկ տեղի ունեցած է «Աստղագիտական ժառանգութիւնը ազգային մշակոյթին մէջ» նիւթով միջազգային պատմական-աստղագիտական գիտաժողով, որուն մասնակցած են 50է աւելի գիտնականներ:
Կազմակերպուած են նաեւ Անանիա Շիրակացիին նուիրուած երիտասարդ աստղագէտներու միջազգային դպրոց, գիրքերու ցուցահանդէսներ, ստեղծուած է Անանիա Շիրակացիին նուիրուած թուային շտեմարան եւ կայքէջ, տեղի ունեցած է «Անանիա Շիրակացի 1400» յոբելենական ցուցահանդէս: Կայացած է նաեւ «Շիրակացու օրեր» աւանդական փառատօնը: Յոբելենական ծրագիրներու ծիրին մէջ բարեկարգման աշխատանքներ կատարուած են Կումայրիի 7րդ դարու եկեղեցւոյ տարածքին մէջ: Հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ կազմակերպուած են Անանիա Շիրակացիի նուիրուած բաց դասեր, քննարկումներ եւ այլն: Կը նախատեսուի 2013 թուականին հրատարակել «Անանիա Շիրակացի. ուսումնասիրութիւններ» գիրքը:
Ժողովին ընթացքին քննարկուած են նաեւ նիստին մասնակիցներուն առաջարկները՝ Անանիա Շիրակացիի 1400ամեակին նուիրուած այլ նախաձեռնութիւններու կազմակերպման մասին։
Կառավարութեան ղեկավարը յանձնարարած է շարունակել ձեռնարկներու կազմակերպումը բարձր մակարդակի վրայ, ինչպէս նաեւ հանրութիւնը ներգրաւել այդ գործընթացին մէջ։