
Նախագահ Սերժ Սարգսեան 6 Նոյեմբերին ընդունած է Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Սեդրակ Աճէմեանը։ Նախագահը ողջունած է ՍԴՀԿի գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ՝ ընդգծելով, որ հայութեան առջեւ ծառացած խնդիրները՝ Հայաստանի մէջ թէ անկէ դուրս, կրնան լուծուիլ մեր ժողովուրդի միասնականութեան շնորհիւ եւ անոր ամբողջական ներուժով: Հանրապետութեան ղեկավարին համաձայն, այդ գիտակցութեամբ է, որ ծնունդ առած է «Հայաստանն ուժեղ է Սփիւռքով, Սփիւռքը՝ Հայաստանով» բանաձեւը: Նախագահը բարձր գնահատած է աւանդական կուսակցութիւնները, նաեւ՝ ՍԴՀԿի պատմական դերակատարութիւնը հայապահպանութեան, համազգային խնդիրներու լուծման, Սփիւռք-հայրենիք կապի ամրապնդման իմաստով եւ կարեւոր նկատած է այդ քաղաքական ուժերուն ջանքերը՝ Հայաստանի զարգացման ու հզօրացման ի խնդիր գործադրուող:
ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Սեդրակ Աճէմեան հանրապետութեան նախագահին վստահեցուցած է, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը ինչպէս միշտ, նաեւ յետ այսու պիտի շարունակէ մնալ հայ ժողովուրդին եւ հայոց պետականութեան կողքին՝ առանց հրաժարելու իր նպատակներէն։