ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ամբողջ աշխարհ, մարզական, մարմնակրթական, սննդականոնի եւ այլեւայլ միջոցներով, մտահոգ է առողջութեան եւ բարեձեւութեան հարցերով: Մարզասրահներու տէրեր, ինչպէս նաեւ ընկերութիւններու պատկանող թէ անհատ մարզիչներ հսկայ գումարներ կը պահանջեն, իրենց մարզական արուեստը սորվեցնելու, ու մարդկային մարմինի առողջութիւնը երաշխաւորելու համար:
Մարզական տարբեր խաղերու համար միջազգային մրցոյթներու պատրաստուող երկիրներ հսկայ գումարներ կը ծախսեն, վարձելու համար անուանի մարզիչներ, որոնց մարզած անձերը անպայման յաջողութիւններ պիտի արձանագրեն, բարձրացնելով տուեալ երկրի մարզական պատուանունը:
Մարզիկներուն համար եւս ընտրական լուրջ աշխատանք կը տանին յատկապէս քաղաքակիրթ երկիրներ, մինչեւ իսկ օտարականներուն տալով իրենց երկրին քաղաքացիութիւնը, զանոնք ներառելու համար իրենց ազգային խումբին մէջ:
Այսքան կարեւորութիւն ունեցող ասպարէզի համար, վստահաբար մարզիկներ եւ մարզիչներ եւս լուրջ մօտեցում կը ցուցաբերեն, հոգ տանելով մարմինի կազմութեան եւ առողջութեան, բարեձեւութեան ու ճկունութեան: Ո՛չ միայն մրցոյթներէ առաջ ուտելիքի յատուկ կանոնի կը հետեւին մարզիկներ, այլ իրենց ասպարէզի ամբողջ տեւողութեան մասնաւոր սննդականոնի ենթարկելով իրենց մարմինը, զայն կը պահեն նոյն ծաւալի եւ նոյն կշիռքի մէջ: Մկանային առողջութիւնը, ջիղերու հանգիստը, սրտի զարկերակին կանոնաւորութիւնը եւ ֆիզիքական այլ մանրամասնութիւններ, առաջնահերթութիւններ են մարզիչներուն համար, պահանջելով որ իրենց խնամքին յանձնուած մարզիկները հետեւին այդ բոլորին, եւ յարգեն մարզական աշխարհի դրած բոլոր պայմանները:
Մարզական կազմակերպութիւններու խիստ կանոններուն մեծագոյն զանցառութիւնը, թմրեցուցիչի օգտագործումն է ոյժի յաւելման համար: Այս խարդախութիւնը չվրիպեցաւ մարզական միջազգային յանձնաժողովին ուշադրութենէն, եւ նոյնիսկ ետ վերցուց այն մարզիկներուն բաժակային պարգեւները, որոնք բնական կարողութեամբ չէին շահած տուեալ մրցանակները: Իսկ այսօր, աւելի խիստ միջոցներ ձեռք առնուած են, պատիժներ սահմանելով այն մարզիկներուն, որոնք հակառակ նախազգուշացնող օրէնքին, դարձեալ կը յանդգնին թմրեցուցիչ օգտագործել նախքան մրցոյթը: Նոյնիսկ մի քանի տարիներով մարզական կեանքէն հեռացումի դատապարտուելու պարագաներ եւս արձանագրուած են վերջին տարիներուն:
Մարդկային մարմինի բարեձեւութեան համար մտահոգ մարդկութեան ծախսերուն մէկ մասն ալ կը լեցուի անշուշտ այն մասնագէտներուն գրպանը, որոնք յատուկ սննդականոն սահմանելով գիրցած անձերուն, կը հետեւին անոնց նիհարնալու ընթացքին: Անոնցմէ ոմանք ընդամէնը կարճ ժամանակի մէջ ձեռք ձգած անձնական փորձառութեամբ խորհրդատուութիւն կը կատարեն, միայն կշռաչափ գործիք եւ թուատառերով չափիչ գօտի ունենալով իրենց դարմանատան մէջ, սպիտակ գրասեղանին կողքին: Ինչպէս որ ժողովրդային իմաստութիւնը կ՛ըսէ. «Նիհարնալու համար, պէտք է դանակ դնել կոկորդին», այսինքն ինքնակամ իշխել ուտելու ախորժակին վրայ: Այդ պարագային ո՛չ ոքի խորհրդատուութեան կարիք պիտի զգայ գիրնալու հակամէտ անձը, որովհետեւ ժուժկալութեան կամքը պիտի սորվի, եւ անով հակակշռէ իր մարմինին ե՛ւ ծաւալը ե՛ւ կշիռքը:
Այս աշխարհի մէջ ոմանց համար գիրութիւնը պատիժ է, իսկ ուրիշներու համար՝ նիհարութիւնը: Չափաւորութիւնը միշտ փափաքելի եղած է, սակայն եւ այնպէս, ամէն մարդ չէ՛ հասած այդ երանութեան:
Անցեալին, յատկապէս թագաւորական իշխանութեանց հեքիաթային օրերուն, որոնցմէ պատառիկներ հասած են մեզի ժողովրդային բանահիւսութեանց կամ զրոյցներու ճամբով, եղած են չարագործները պատժելու կերպեր: Այս կերպերը յաճախ իրենց չափաւոր տնօրինումներով զարմանք կը պատճառեն այսօրուան մարդուն, պատմելով ժամանակի թագաւորներու իմաստութեան մասին:
Կը պատմուի, թէ թագաւորը իր անհնազանդ մէկ քաղաքացիին մէկ հատ ոչխար յանձնելով, կը պահանջէ որ յաջորդ տարի նոյն կշիռքով իրեն վերադարձնէ զայն: Այս էր տրուած պատիժը, անոր գործած յանցանքին դիմաց: Ուրեմն ենթական պիտի ջանար կենդանին նախ ողջ պահել, եւ ապա, զայն նոյն կշիռքով վերադարձնել թագաւորին: Ինչպէ՞ս արածել զայն, ինչքա՞ն պահել մարգագետիններու վրայ, կամ ի՞նչ միջոցներու դիմել գիրնալու պարագային դարձեալ նիհարցնելու համար…: Ահաւասիկ մտատանջութիւնը, որուն մատնուած էր ոչխարը ստացող քաղաքացին:
Այս մտահոգութիւնը կը փարատէ իր մէկ գիւղացի բարեկամը, որ լսելէ ետք թագաւորին դրած պայմանը, կը հանգստացնէ իր ընկերոջ միտքը՝ ըսելով.
_ Թող կենդանին արածի ինչպէս կ՛ուզէ: Թող գիրնայ եւ պարարտանայ թագաւորին տուած ոչխարը: Հազիւ վերադարձնելու օրը հասնի, գայլերու դիմաց հանէ եւ պիտի տեսնես թէ ինչպէս վրայի միսը «պիտի թօթուէ» եւ կշիռք կորսնցնէ: Ապա, ետ գոմ մտցնելով, յաջորդ առաւօտ թագաւորին մօտ տար…:
Բարոյալից այս պատմուածքին ճամբով տրուած բարոյական դասը, թագաւորին սահմանած պատիժով չի՛ տրուիր այնքան, ինչքան «գայլեր»ու ներկայութեամբ եւ դերակատարութեամբ մարդկային կեանքին մէջ:
Ի՞նչ է «գայլ»ը, որ այդքան ոյժ ունենայ պարարտացած «ոչխար»ը նիհարցնելու:
Անտառային վայրի գազաններն ու գայլերը կեանքի մտահոգութիւններն են, որոնց հանդիպելով ծանրութիւն կը կորսնցնեն մարդիկ: Եթէ ոչխարի պարագային միսը «թօթուել»ու իրավիճակ կը ստեղծուի, մարդոց պարագային միս «հաւաքել»ու կացութիւն ալ արձանագրուած է: Մտատանջութեան մէջ եղողներ երբեմն ախորժակի յաւելում կ՛ունենան, անբնական դարձնելով իրենց մարմինը:
Ամէն պարագայի ալ ցաւալի իրողութիւնը այն է, որ մարդիկ յաւելեալ մտահոգութիւններով կը խճողեն իրենց հանգիստ կեանքը: Բարոյալից պատմուածքին մէջ յիշուած գիւղացին, որ իր քաղաքացի ընկերոջ միտքը հանգստացուց թագաւորին տուած պատիժին գծով, այնքան ինքնավստահ էր, որ իր գիտութեամբ կրցաւ ելք ճարել իր ընկերոջ համար:
Երբ տրամաբանական մօտեցումով քննենք մեր մտահոգութիւնները, անոնք վստահաբար կիսով չափ պիտի նուազին: Մտահոգութիւնը կ՛աւելնայ, երբ անոր մասին շատ մտածես: Իսկ յանկարծ կրնայ չքանալ առօրեայէն ու կեանքէդ, երբ կարենաս բոլորովին ջնջել միտքէդ, Աստուծոյ թողելով զայն լուծելու արդար վճիռը: Մարդկային միտքը միշտ խեղճ ու տկար է որոշում կայացնելու հարցին մէջ: Սակայն փորձաքարերը միշտ անհրաժեշտ են, քննելու համար հաւատքը, դիմադրողականութիւնը, ինչպէս որ մարդկային մարմինը կը փորձուի հիւանդութիւններու բախուելով:
Բարեձեւութիւնը պահպանելը կարեւոր է, ո՛չ միայն ֆիզիքական մեր մարմինին, այլ նաեւ հոգեկան մեր կառոյցին համար: