Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բոլորս ալ յաճախ օդանաւով կը ճամբորդենք, մանաւանդ ներկայ պայմաններու դիւրութիւններով եւ հնարաւորութիւններով: Կը ճամբորդենք օդանաւով մօտակայ եւ հեռաւով վայրեր զանազան պատճառներով եւ առիթներով:
Նախքան մեր օդանաւային ճամբորդութիւնը, պէտք է ծրագրենք եւ պատրաստուինք, որպէսզի մեր ճամբորդութիւնը ըլլայ հեզասահ, դիւրին, հաճելի եւ առանց որեւէ մէկ դժուարութեան, բարդութեան կամ անհանգստութեան: Ճամբորդը պէտք է պատրաստուի հոգեպէս, այսինքն՝ պէտք է որոշէ ճամբորդել ազատ կամքով եւ համոզումով:
Օդանաւային Ճամբորդը իր ձեռքի պզտիկ պայուսակին մէջ պէտք է ունենայ իր պետական պաշտօնական անձագիրը (passport), գործածած բոլոր դեղերը, ակնոցը, աչքի դպչուն ոսպնեակը (contact lense) պահեստը, լսողութեան օգնական սարքը (hearing aid) իր բարդով (battery): Դեղերը զետեղուած պէտք է ըլլան իրենց իրական տուփերուն մէջ, որոնք պէտք է կրեեն դեղերուն անունները:
Այն ճամբորդները, որոնք բժշկական թմրեցուցիչներ, սրսկիչներ (syringes) եւ մեծ քանակութեամբ ոչ-թմրեցուցիչ դեղեր կը գործածեն, պէտք է ապահովեն յատուկ բժշկական դեղագիրներ, որպէսզի օդակայաններու մէջ արգելքներու չհանդիպին:
Շաքարախտաւորները, լուսնոտները (epileptics), յառաջացած ջղային, հոգեբանական, սիրտի եւ երիկամի հարցեր ունեցող հիւանդները պէտք է կրեն իրենց մարմինին վրայ յատուկ պիտակներ (labels), որոնք պէտք է բնորոշեն (identify) իրենց անունները եւ իրենց հիւանդութեան անունը:
Յառաջացած սիրտի հիւանդութիւնէ, սիրտի կաթուածէ (myocardial infarction) եւ թոքային հիւանդութիւններէ տառապողներ պէտք չէ ճամբորդեն, որովհետեւ օդանաւին մէջ թթուածինի ճնշումի նուազումով անոնք ենթակայ կ՛ըլլան նորանոր բարդութիւններու: Պարտաւորիչ պայմաններու մէջ այս հիւանդները կրնան ճամբորդել պայմանաւ, որ անոնք իրենց հետ օդանաւին մէջ ունենան թթուածինի բաւարար պահեստ:
Տկար դիմադրողականութենէ եւ փոխանցիկ հիւանդութենէ տառապողներ նոյնպէս պէտք չէ ճամբորդեն, որովհետեւ անոնք ճամբորդութեան ճնշումներուն չեն դիմանար եւ դիւրաւ կրնան փոխանցել իրենց հիւանդութիւնը մնացեալ ճամբորդներուն:
Այս բոլոր հիւանդներուն ներկայութիւնը օդանաւին մէջ կ՛ունենայ իր ժխտական անդրադարձը միւս ճամբորդներուն վրայ:
Սիրտի անկանոն կծկումներ եւ թրթռացումներ կանոնաւորող կազմած (apparatus) ունեցող ճամբորդները պէտք է տեղեկացնեն իրենց իրավիճակը օդակայանի ապահովական անձնակազմին եւ օդանաւի անձնակազմին, որպէսզի վարչական դժուարութիւններու չմատնուին ապահովական անձարգելներու դիմաց:
Նոյն մտահոգութեամբ շողարձակ մանիշիով (radioactive iodine) դարմանուած անհատներ իրենց հետ պէտք է ունենան համապատասխան բժշկական հաստատագիրները:
Յատուկ սննդականոնի հետեւող անհատներ երկար ճամբորդութիւններու ընթացքին կրնան իմացնել իրենց կացութիւնը կարգ մը օդանաւային ընկերութիւններու, որպէսզի իրենց ապահովուի յատուկ ճաշացուցակ:
Մարմնական անկարներ (handicaps) կրնան ունենալ գործնական օգնութիւն եւ փոխադրական դիւրութիւններ, եթէ իրենց իրավիճակը նախապէս տեղեկացնեն ճամբորդութեան պատկան մարմիններուն:
Գրեթէ բոլոր օդանաւերը ունին շտապ օգնութեան կարգ մը սարքեր եւ դեղեր: Ճամբորդութեան ընթացքին, երբ օդանաւին մէջ անակնկալ պատահարի մը պարա-գային կամ հիւանդ մը մտահոգիչ առողջական կացութեան մատնուի, օդանաւի անձնակազմը շտապ օգնութիւն կը խնդրէ ճամբորդներէն, որպէսզի ներկայ բժիշկ մը եւ կամ հիւանդապահուհի մը օգնութեան ձեռք երկարէ հիւանդին: Յաճախ օդանաւը ստիպողական էջք կը կատարէ ամէնէն մօտ օդակայան մը՝ փրկելու համար հիւանդ մարդուն կեանքը:
Օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին ճամբորդներ կրնան մատնուիլ կարգ մը անհաճոյ եւ անակնկալ հիւանդագին կացութիւններու, որոնք ընդհանրապէս հետեւանքն են օդանաւի ներքին օդի ճնշումի վերիվայրումներուն: Այս պարագային մարմինի խոռոչներու օդը կ՛ընդլայնի 25 առ հարիւր համեմատութեամբ: Այս մէկը կը յառաջացնէ խոռոչներու ճնշումային ցաւ եւ կամ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող վերին շնչառական համակարգի կարգ մը հիւանդութիւններու եւ գերզգայնութեան (allergy) առաւել զարգացում: Գործնականօրէն տեղի կ՛ունենայ դէմքի խոռոչատապ (sinusitis), քիթի արիւնահոսում, միջին ականջի արիւնահոսում եւ բորբոքում, ականջացաւ, գլխացաւ, գլխապտոյտ, ակռաներու մանրախորշերու (teeth cavities) բորբոքում, ականջափողի (Eustachian tube) խցում, ականջաթմփուկի (ear dum) վնասում եւ ականջահոսք (ear discharge): Այս բոլորը կանխարգիլելի են հետեւեալ միջոցառումներով.
Ա. Ճամբորդութենէն անմիջապէս առաջ եւ ճամբորդութեան ընթացքին գործածել քիթի հակախցիչ (decongestants) եւ հակագերզգայնութեան դեղեր.
Բ. Ճամբորդութեան ընթացքին եւ մանաւանդ վայրէջքի միջոցին ձիւթ ծամել եւ շարունակ կլլելու փորձ ընել.
Գ. Ցաւաբեկ դեղեր գործածել:
Մանուկները աւելի հակամէտ են ականջի բորբոքումներու քան չափահասները, որովհետեւ անոնց ականջափողերը կը գտնուին գրեթէ հորիզոնական դիրքի վրայ, հետեւաբար անոնց ականջները աւելի արագ կը վնասուին օդային ճամբորդութեան ընթացքին: Մանուկներ վայրէջքի ընթացքին պէտք է խմեն ջուր կամ կաթ, այսինքն՝ պէտք է կատարեն կլլելու գործողութիւնը՝ ծծակ գործածելով եւ սնանելով (breast feeding)
Օդի ճնշումի վերիվայրումներէն կը վնասուին նաեւ թոքային հիւանդութիւն, արեան տկարութիւն եւ սիրտի տկար աշխատանք ունեցողները: Կրնայ պատահիլ նաեւ օդի կուտակում (pneumothorax) թոքի եւ թոքաթաղանթի միջեւ (pleura).
Բնականօրէն մեր ուղեղը ամէն օր, շարունակ եւ 24 ժամուան ընթացքին կը կանոնաւորէ քնանալու եւ արթուն մնալու ժամանակաշրջանը (circadian cycle): Սակայն ուղեղին այս գործընթացը կը խանգարուի արագընթաց օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին եւ տեղի կ՛ունենայ յետ-օդանաւային ճամբորդութեան քունի խանգարում (jet lag), որ կ՛անյետանայ քանի մը օրերու ընթացքին: Melatonin-ը, որ արտաթորում կ՛ունենայ մակուղեղէն (pineal body) եւ կ՛արտադրուի արուեստականօրէն, մասամբ մը կը փարատէ այս անկանոնութիւնը:
Երկար ճամբորդութեան ընթացքին ճամբորդներուն ոտքերը եւ սրունքները կ՛ուռին եւ կը ցաւին, որովհետեւ երկարատեւ նստած վիճակով սրունքներուն եւ ոտքերուն արեան շրջագայութիւնը կը դանդաղի, մարմինի արիւնը կը խուժէ դէպի սրունքներ եւ ոտքեր ու տեղի կ՛ունենայ սրունքներու ջրակուտակում (edema): Այս անբնական կացութիւնը կրնայ յառաջացնել սրունքներու խորին երակներու բորբոքում (phlebitis): Դելադրելի է ճամբորդութեան ընթացքին շարունակ ոտքերը շարժել եւ ժամը անգամ մը ոտքի ելլել ու քանի մը վայրկեան քալել:
Ճամբորդները օդանաւին մէջ կ՛ունենան ջրանուազում (dehydration) եւ մարմինի չորութիւն: Դելադրելի է առատ ջուր խմել:
Ալքոլը բնական պայմաններու մէջ արդէն կը պատճառէ ջրանուազում. իսկ օդանաւային ճամբորդութեան պարագային անոր ազդեցութիւնը կը դառնայ աւելի զգալի: Հետեւաբար, դելադրելի է բոլորին ալքոլ չգործածել ճամբոդութեան ընթացքին:
Ճամբորդներ, որոնք աչքի կպչուն ոսպնեակներ ունին պէտք է գործածեն արհեստական կեղծ արցունք (artificial tears), որպէսզի եղջերիկի (cornea) չորութիւն եւ վնասում չպատահի:
Ծխախոտի գործածութիւնը միշտ եւ ամէն տեղ կը վնասէ թէ՛ գործածողին եւ թէ շրջապատին: Այս ազդեցութիւնը կը բազմապատկուի գոց եւ նեղ միջավայրի մէջ: Հետեւաբար ծխելը օդանաւին մէջ որոշապէս հակաառողջապահական է: Ծխախոտի գործածութիւնը օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին արդէն արգիլուած է թէ՛ ապահովական եւ թէ առողջապահական միտումով:
Յղի կիներ կրնան ճամբորդել մինչեւ իրենց յղութեան 36րդ շաբթուան վերջաւորութիւնը: Ապահովական աթոռագօտին (seat belt) պէտք է զետեղեն փորէն վար, որպէսզի աճող սաղմը (fetus) չվնասուի գօտիին անմիջական ճնշումով:
Շատ մը ճամբորդներ օդանաւին մէջ կ՛ունենան հոգեբանական ախտանշաններ, օրինակ՝ փակավախութիւն (claustrophobia), արագ շնչառութիւն, մարմնական թեթեւ ցնցումներ, քրտինք, փսխունք, ուժասպառութիւն, տժգունութիւն, մթագնութիւն եւ նուաղում: Այս բոլորը առաւել կը զարգանան օդանաւի ցնցումներով:
Ամբողջ ճամբորդութեան ընթացքին ապահովական աթոռագօտին պէտք է մնայ կապուած վիճակի մէջ, բացի ոտքի ելլելու եւ քալելու պարագային: