
ԱՆԳԱՐԱ, ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի գաղթականական հարցերու գրասեանեակին համաձայն՝ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 9ին, 11 հազար սուրիացիներ Թուրքիա, Լիբանան եւ Յորդանան ապաստանած են, յատկապէս որովհետեւ Թուրքիոյ սահմանին մօտերը գտնուող Ռաս ուլ Այն քաղաքը ինկած է ընդդիմութեան հակակշիռին տակ: Գաղթականներէն 9 հազարը Թուրքիա անցած է, իսկ հազարական գաղթականներ՝ Լիբանան ու Յորդանան: ՄԱԿի տուեալներուն համաձայն՝ Մարտ 2011էն ի վեր 408,000 սուրիացիներ գաղթական դարձած են:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ինքզինք սուլթան մը կը կարծէ, եւ վստահեցուց, թէ Թուրքիոյ մէջ միայն անոր կառավարութիւնն է, որ Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ դիրքորոշուած է: «Օտարներու Սուրիա ներխուժման գինը, ամբողջ աշխարհի կարողութենէն վեր պիտի ըլլայ: Նկատի ունենալով, որ Սուրիա շրջանին մէջ աշխարհիկութեան, կայունութեան եւ համակեցութան վերջին օրրանն է, այդ մէկը պիտի ունենայ տոմինոյի ազդեցութիւն մը, որ իր հետեւանքը պիտի ունենայ ամբողջ աշխարհին վրայ:
Ակնարկելով Բրիտանիոյ վարչապետին կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած գաղափարին, որ կը վերաբերի իրեն ապահով ելք մը ապահովելուն՝ Ասատ ըսաւ. «Ես խամաճիկ չեմ եւ զիս Արեւմուտքը չգոյացուց, որպէսզի Արեւմուտք կամ որեւէ այլ երկիր երթամ: Ես սուրիացի եմ, Սուրիոյ արտադրութիւն եմ եւ պիտի ապրիմ ու մահանամ Սուրիոյ մէջ»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճիհատ Մաքտիսի, հակադարձելով Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի այն խօսքին, թէ սուրիական վարչակարգի օրերը վերջ գտած են՝ ըսաւ, որ իրեն զարմանք չի պատճառեր այն, թէ Արապի կը կրկնէ Սուրիոյ նկատմամբ թշնամական իր յայտարարութիւնները՝ փորձելով փոխել վարչակարգը երկրի մը, որ հիմնադիր երկիրներէն է Արաբական լիկային: Ան յիշեցուց, որ Արապի իր յայտարարութիւնը կատարած է՝ մեկնելէ առաջ Տոհա, ուր ան կը մասնակցի Սուրիոյ ընդդիմութեան խորհրդակցութեանց:
Նաեւ, այդ խորհրդակցութիւններէն Ուրբաթ օր Անգարա վերադարձած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու ընդունեց, թէ կարելի չէ եղած իրականացնել Թուրքիոյ, Եգիպտոսի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին պիտի քննուէր Սուրիոյ տագնապը: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի Հինգշաբթի օր փոխանցած է, թէ պիտի չկարենայ հանդիպման մասնակցիլ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ արաբական երկիրները պէտք է սուրիական տագնապի լուծման նախաձեռնութիւնը ստանձնեն՝ նշելով, որ Ռուսիա կը զօրակցի այս առումով Եգիպտոսի նախագահ Մուհամմատ Մուրսիի առաջարկին:
Լաւրով միաժամանակ մտահոգութիւն յայտնած է, թէ Սուրիոյ պատերազմը «մինչեւ վերջ կրնայ շարունակուիլ, որովհետեւ կողմերէն ոեւէ մէկը կռիւէն հրաժարելու մտադիր չէ»: Ըստ անոր՝ Արեւմուտքը ընդդիմութիւնը կը մղէ կռիւը շարունակելու, իսկ Ասատ տրամադիր է մինչեւ յաղթանակ կռիւը շարունակելու: «Կառավարութեան եւ բոլոր ընդդիմադիր խմբակներուն միջեւ երկխօսութենէն բացի այլ ճամբայ մենք չենք տեսներ», ընդգծեց ան:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ յայտարարած է, թէ ի՛նչ ալ պատահի՝ Թուրքիա մտադիր չէ Սուրիոյ հետ պատերազմելու:
Յայտնենք, թէ Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջանին մէջ Սուրիոյ բանակին եւ ընդդիմադիր զինեալներուն միջեւ Հինգշաբթի օր տեղի ունեցած բուռն բախումներուն ընթացքին արձակուած ռումբերը եւ փամփուշտները հասան թրքական Չիլանփընար գիւղը, ուր 5 վիրաւորներ արձանագրուեցան:
Նաեւ, Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեզ Հինգշաբթի օր Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ քննեց Սուրիոյ տագնապին վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Իրանի հիւլէական թղթածրարին ու երկկողմանի յարաբերութեանց վերաբերող հարցեր: