ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ վերընտրուած Պարաք Օպամա Նոյեմբեր 17-20ին, Հարաւարեւելեան Ասիա կատարելիք իր շրջապտոյտին ընթացքին որոշած է այցելել նաեւ Պուրմա (Միանմար), որուն մենատիրական իշխանութեանց հետ Ուաշինկթըն տասնամեակներէ ի վեր տարակարծութիւններ ունի: Օպամա, որ պիտի հանդիսանայ Պուրմա այցելող Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը, հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Թէյն Սէյնի ու այլախոհ ղեկավար Սան Սու Քիի հետ, որուն ազատ արձակումը պատճառ դարձած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց բարելաւման: Սպիտակ տունը յոյս ունի, որ նախագահին այցը կը նպաստէ երկիրը ժողովրդավարականացնելու ջանքերուն:
Պուրմա ներկայիս միջազգային համայնքին կողմէ կը քննադատուի՝ երկիրի իսլամ փոքրամասնութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով բաւարար քայլեր չառնելուն համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.