ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա կը շարունակէ իր նոր վարչակազմի ձեւաւորման աշխատանքները եւ այդ ծիրին մէջ կը մտածէ երկիրի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը առաջարկել դեմոկրատ ծերակուտական եւ նախագահի նախկին թեկնածու Ճան Քերիին:
Նախապէս շրջանառութեան մէջ դրուած էին լուրեր, թէ Քերի պիտի նշանակուի արտաքին գործոց նախարար, սակայն, ըստ Սպիտակ տան մէկ աղբիւրին՝ այդ պաշտօնը կրնայ վարել ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սիւզըն Ռայսը:
Քերի այդ մարզին մէջ ամէնէն վաստակաւոր անձնաւորութիւններէն է: Ան աւելի քան երկու տասնամեակներէ ի վեր անդամ է Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Օպամայի առաջին նստաշրջանին ընթացքին օժանդակած է՝ Աֆղանիստանի նախագահ Համետ Քարզայի հետ առանցքային միջնորդութիւններ կատարելով, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելով եւ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած «Սթարթ» համաձայնագիրին Քոնկրեսի վաւերացումը ապահովելով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.