
ԿԱՐԻՆ ՔԵՍԱՊԼԵԱՆ
Հոկտեմբեր 26ին, «Մաշտոց» քոլեճի սրահին մէջ ներկայացուեցաւ հանրածանօթ արուեստագիտուհի Յասմիկ Գլճեանի անհատական ցուցահանդէսը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Մաշտոց» քոլեճի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը՝ ողջունելով ներկաները: Ձեռնարկը նուիրուած էր Մշակոյթի ամսուան: Դոկտ. Տէր Եղիայեան ներկայացուց տաղանդաշատ արուեստագիտուհին, որուն խաչատառ ձեռարուեստը կը զարդարէր սրահը: Նաեւ ցուցադրուած էին տարբեր բովանդակութեամբ եւ հանրածանօթ հեղինակներու բազմաթիւ գիրքեր, նշելու համար Հայ գրատպութեան 500ամեակը, ինչպէս նաեւ նոյնինքն դոկտ. Տէր Եղիայեանի կողմէ առնուած Պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ պատմական վայրերու ու եկեղեցիներու տպաւորիչ պատկերները:
Խաչտառի ձեռարուեստը, ինքնուրոյն ձեւաւորումներով, ըլլան անոնք քանդակագործութիւն կամ ձեռային հմայիչ հիւսուածքներ, կը բաղկանար շուրջ հարիւր տարբեր աշխատանքէ, որոնցմէ 38ն՝ Մեսրոպեան խաչտառեր՝ խորհրդանշելով Հայ քրիստոնէական հաւատքը:
Յասմիկը փայտերու վրայ նուրբ ձեւով փորագրած էր զանազան պատկերներ ու այդ բծախնդիր աշխատանքները կ՛արտայայտէին Մեսրոպեան տառերը, մեր եկեղեցիները եւ այլ հետաքրքրական ու իմաստալից պատկերներ: Յասմիկ, իր երազներով եւ անձնական ջանքերով կրցած էր իր տաղանդը դրսեւորել՝ արժեւորուելով եւ յատուկ գնահատանքի արժանանալով արուեստի սիրահարներու կողմէ:
Տաղանդաւոր արուեստագիտուհին կ՛ըսէ. «Իմ փափաքս է ժողովուրդի հոգւոյն մէջ ներմուծել արուեստի սէրն ու արժեւորումը, որմէ կը ստանամ հոգեկան սնունդ եւ բաւարարութիւն»: Իրեն հետ կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին հետեւեալ պատասխանները տուաւ.
Հ.- Ե՞րբ ձեր մէջը սկսաւ արուեստի հանդէպ սէրոյ ու տաղանդի բացայայտութիւնը:
Պ.- Փոքր տարիքէս արուեստը շատ սիրած եմ եւ ձեռային աշխատանքներու սկսած եմ՝ ձեռագործներով, ուլունքներով, իսկ վերջին տարիներուն՝ եկեղեցիները ծաղիկներով յարդարած եմ:
Հ.- Արուեստը ի՞նչ նշանակութիւն ունի ձեզի համար:
Պ.- Արուեստը հոգեկան հարստութիւն է, կը գնահատեմ իւրաքանչիւր արուեստի գործ՝ ըլլայ անիկա մեծ թէ փոքր:

Հ.- Ի՞նչ կը խորհրդանշեն խաչտառի արուեստի գործերը:
Պ.- Մեր խաչքարերու վրայ քանդակուած խաչերը ունին երեք թեւ, որ կը խորհրդանշէ քրիստոնէութեան երեք հիմնական խորհուրդները՝ Հայր Աստուած, Որդի Աստուած եւ Հոգին Սուրբ Աստուած:
Հ.- Ապագային ի՞նչ ծրագիրներ ունիք ներկայացնելիք արուեստի սիրահարներուն:
Պ.- Արդէն Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին կողմէ հրաւիրուած եմ արուեստս ներկայացնելու, միեւնոյն ժամանակ ցանկութիւն ունիմ ջրաներկով եւ իւղաներկով նոր աշխատանքներ պատրաստելու:
Ցուցահանդէսին ընթացքին կազմակերպիչ յանձնախումբը պատրաստած էր ճոխ հիւրասիրութիւն մը:
Իսկ Կիրակի, Նոյեմբեր 4, 2012ի կէսօրուան ժամը 12ին, «Մաշտոց» քոլեճի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Գոհաբանութեան օրուան նուիրուած ճաշկերոյթ մը, որ կազմակերպուած էր քոլեճի տիկնանց օժանդակ միութեան ջանքերով: Միութեան անդամներն են՝ Արփինէ Արփաճեան, Լենա Արթունեան, Մարլէն Արփաճեան, Գոլինա Ղատանեան, Լիլիթ Կորոյեան, Յասմիկ Գլճեան, Յասմիկ Պօղոսեան, Գոհար Թովմասեան, Սրբուհի Թշիկեան եւ Գայիանէ Սաղատէլեան:
Օրուան բացումը կատարեց դոկտ. Տէր Եղիայեանը՝ ողջունելով ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք սատար կը հանդիսանան Գոհաբանութեան օրուան նուիրուած ճաշկերոյթին, ապա ան աղօթքով օրհնեց սեղանները:
Դոկտ. Տէր Եղիայեանի կողմէ պատուոյ արժանացան ինը ականաւոր հայուհիներ, որոնք նուիրաբար ծառայած են մեր գաղութին՝ առանց թմբկահարուելու իրենց պատկանած շրջանակներէն ներս:
Գնահատանքի արժանացող հայուհիներն էին՝ Լիտիա Տէր Եղիայեան, Մարի Գասարճեան, Կիւլէն Գոլինա Ղատանեան, Նոյեմի Գննապլեան, Մարի Ատուրեան, Զուարթ Կեճէեան, Գեղեցիկ Ապտալեան եւ Արմենուհի Եսայեան:
Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը՝ հանրածանօթ ջութակահար Մերուժան Մարգարեանի մասնակցութեամբ: Այս եզակի յայտագիրին նաեւ ներկայ էր յայտնի ասմունքող Նունէ Աւետիսեանը, որ կոչ ուղղեց ներկաներուն յարատեւ թիկունք կանգնելու այս եզակի օճախին, որ գաղութիս մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ: